image

Փերլա Հարպ. Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհին՝ Miss Lebanon 2025-ը

Փերլա Հարպ. Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհին՝   Miss Lebanon 2025-ը

Այսպիսով Լիբանան եւ լիբանանցիք անգամ մը եւս փաստեցին, որ երկիրը դարձեալ կը շնչէ ու դանդաղ ու կայուն քայելով կ՚ընթանայ դէպի ամբողջական վերականգնում։ 

Լիբանանի այս տարուայ գեղեցկութեան թագուհի ընտրուած է 22-ամեայ Փերլա Հարպը։

Ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ երեկոյեան շքեղ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ։

Մրցոյթին մասնակցեցան 16 գեղեցկուհիներ, որոնցմէ ընտրուեցան թագուհին եւ զինք փոխարինողները։ Ժիւրիին մէջ ընդգրկուած էին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Լորա Խազէն Լահուտ, խորհրդարանի պատգամաւոր Փոլա Եագուպեան, նորաձեւութեան նշանաւոր ձեւաւորող Նիքոլա Ժապրան, երաժիշտ Իպրահիմ Մալուֆ, Լիբանանի 2015 թուականի գեղեցկութեան թագուհի՝  Վալերի Ապու Շաքրա, 2025-ի Աշխարհի գեղեցկութեան թագուհի՝ թայլանտցի Օպալ Սուշաթա Չուանգսրի, շպարի մասնագէտ Պասսամ Ֆեթու եւ թունիսցի մոդել Ռիմ Սաիտի։

Այս տարի, քսան տարուան ընդմիջումէ ետք, հանդիսութեան վարողուհի դարձաւ կրկին Հիլտա Խալիֆան, որ փայլեցաւ իւրայատուկ երանգի շքեղ զգեստով՝ Նիքոլա Ժըպրանի ստորագրութեամբ։ Նոյն ձեւաւորողը պատրաստած էր նաեւ մասնակցուհիներու երեկոյեան զգեստները։

Երեկոյին յատուկ հիւր էր երգչուհի Նանսի Աժրամ, որ բեմ բարձրացաւ երեք տարբեր հանդերձանքներով։ 

Այսպիսով՝ Փերլա Հարպ պսակուեցաւ իբրեւ Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի 2025 թուականի համար, իսկ առիթն ու հրաշալի երեկոյի կազմակերպումը դարձաւ կիզակէտ միջազգային լրատու գործակալութիւններու։

Լիբանան եւ լիբանանցիք անգամ մը եւս փաստեցին, որ երկիրը դարձեալ կը շնչէ ու դանդաղ ու կայուն քայելով կընթանայ դէպի ամբողջական վերականգնում։