Ս.Օ.Խ.-ի Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը, օգտուելով հանրայայտ մտաւորական Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի Քեսապ գտնուելու առիթէն, կազմակերպած է դասախօսական երեկոյ մը՝ «Քեսապցի Կինը» խորագրով, բանախօս ունենալով` Դոկտոր Յակոբ Չոլաքեանը։
Այս մասին կը տեղեկանանք Քեսապի Ս.Օ.Խ.-ի Մեղրի մասնաճիւղի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
«Քեսապի կնոջ առաջին յատկանիշը եղած է իր տարազը ,բայց ինչ տեղ ունեցած է Քեսապի մէջ որպէս այս հանրութեան ներկայացուցիչ, եւ որքանով հաւասար նկատուած է մարդու հետ պատմութեան մէջ»։
Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2025֊ ին, տեղի ունեցաւ "ՄԵՂՐԻ" մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դասախօսութիւնը։
Հիւր դասախօս ունենալով` Հայաստանէն ժամանած Քեսապահայ բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ, մատենագէտ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Դոկտոր Յակոբ Չոլաքեան, Նիւթ` «Քեսապցի Կինը»։