Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ կայացող «Համաշխարհային դարպասներ» միջազգային երկրորդ համաժողովի շրջածիրէն ներս հանդիպած է Լիւքսըմպուրկի վարչապետ Լիւք Ֆրիտընի հետ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն:
«Կողմերը քննարկել են Հայաստան–Լիւքսեմբուրգ յարաբերութիւնների օրակարգային հարցեր, ընդգծել առեւտրատնտեսական կապերի զարգացման անհրաժեշտութիւնը եւ մտքեր փոխանակել Հայաստան–Եւրամիութիւն համագործակցութեան խորացման շուրջ։
Զրուցակիցներն անդրադարձել են նաեւ Հայաստան–Ադրբեջան խաղաղութեան գործընթացին՝ կարեւորելով տարածաշրջանային կայունութիւնն ու փոխգործակցութիւնը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։