image

«Այսօր մեր ունեցածը պէտք է ուժի վերածենք» Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան

 «Այսօր մեր ունեցածը պէտք է ուժի վերածենք» Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան

Անցնող ամիսներուն, հայկական մեծ օրակարգին մէջ, յոյսի փոքր նշոյլ մը տուաւ Համահայկական 8-րդ խաղերու իրականացումը։ Գուցէ եւ այդ խաղերու կատարումը նաեւ արժանացաւ անտեղի քննադատութիւններու։ Այս առումով ալ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ուղեծիրը փորձած եմ մի բերել խօսելով Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանի հետ։ 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանը ոչ միայն Գերմանիոյ հայկական շրջանակներուն մէջ հանրայայտ համայնքային գործիչ է, այլեւ ան Գերմանիոյ թեմական խորհուրդի պատասխանատուներէն է։

 

-Քննադատութիւնները, որ եղան այս խաղերուն առընթեր, դուք ձեր վրայ կ՚առնէ՞ք։ Այն իմաստով, որ կ՚ըսուի, թէ Սփիւռքահայերը ուրիշ բան չունէին, եկան տողանցեցին, խաղերու նկարներ տեղադրեցին ընկերային ցանցերու վրայ, իսկ մենք ինչ տարտ ու ցաւի մէջ ենք՝ խօսքը արցախի մասին է ։ Մենք շատ կը սիրենք քննադատել։ Մեր ժողովուրդին յարիր է այդ տխուր շեշտը։ Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս բոլորը։ 

 Իմ սիրտս ալ կիսուած է։ Մէկ կողմէ՝ անշուշտ Արցախի նկատմամբ մտահոգութիւնը, ուր հազարաւոր հայրենակիցներ սովամահութեան եւ ցեղասպանութեան վտանգի մէջ են, միւս կողմէ, սակայն պէտք չէ խուճապի մատնուինք եւ մեր կեանքը դրական ձեւով պէտք է շարունակենք։ Այն երեւոյթը, որ Սփիւռքէն մօտ 7,000 երիտասարդ եւ Հայաստանէն մօտ 2,000 կամաւոր հաւաքուեցան, նպատակը հայ ժողովուրդը զօրացնելն էր, եւ աշխարհացրիւ նոր սերունդը Հայաստանին կապելն էր։ Ասիկա քայլ մըն է, որ ես դրական կը համարեմ։ Մէկ կողմէ պիտի փորձենք ամէն ձեւով Արցախին օգնել, միւս կողմէն, պէտք է զօրանանք, որպէսզի կարենանք օգնել ։ Զօրանալու համար, պէտք է մեր բոլոր կազմակերպչական աշխատանքները ՝ կրթական, երիտասարդական, դաստիարակչական ծրագիրները, եւ անշուշտ՝ քաղաքական գործունէութիւնը նոյն ձեւով եւ աւելի մեծ թափով շարունակել։ Այդ ցաւը, որ ունինք, պէտք է փորձենք ուժի վերածել եւ կազմակեպուիլ, զօրանալ, որպէսզի կարողանանք մեր դժուարութիւնները յաղթահարել։

 

-Արցախի ընդհանուր վիճակով պայմանաւորուած նկատեցինք, որ Սփիւռքի թեման բարձրացաւ։ Արցախցի պատասխանատուներ ելան եւ հասկնալի ոճով մը քննադատեցին եւ հարց տուին ու ըսին ինչո՞ւ Սփիւռքը լուռ է։ Ձեր կարծիքով, Սփիւռքը ի՞նչ կրնար ընել Արցախին համար, որ չըրաւ, կամ ի՞նչ ուզեց ընել եւ չկրցաւ ընել։

 Դժբախտաբար արցախցի պատասխանատուներուն տուած հարցազրումը որոշակիօրէն ունի ճիշդ ծալքերը։ Տագնապը, որմէ կ՚անցնի ամբողջ հայութիւնը կարգ մը առումներով անհնար կ՚ըլլայ զայն իրազեկելը ողջ Սփիւռքին։ Օրինակ՝ Պեռլինի մէջ, շատ գործունեայ անձեր նստացոյցեր կ՚ընեն, սակայն մասնակցողներուն թիւը շատ քիչ է։ Նոյնիսկ մեծ գաղութները, ինչպէս՝ Ֆրանսա, Ամերիկա, նաեւ Գերմանիա, մինչեւ հիմա չենք կրցած յաջողիլ պէտք եղածին չափ ճնշում բանեցնել տեղւոյն, քաղաքական կազմակերպութիւններուն վրայ, պետական կառոյցներուն վրայ, «մետիա»ներուն վրայ։ Թէ ի՞նչ են պատճառները։ Այդ մասին պէտք է քննարկուի։ Բայց շատ անգոհացուցիչ է վիճակը եւ Արցախը իրաւունք ունի։

 

-Կը նկատենք, որ Սփիւռքեան ներկայացուցչական որոշ հարթակներէ, օրինակ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն (ՀԲԸՄ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, ՍԴՀԿ, ՌԱԿ, ընդհանրապէս միայն խօսք կը լսենք։ Կը տեսնենք նաեւ, որ իրատեսութեան պակասը կայ։ Երբ կը խօսինք Արցախի ներկայ վիճակին մասին, նկատի չենք ուզեր ունենալ այն դրութիւնը, որուն մատնուած ենք։ Մենք չենք ուզեր անշուշտ, որ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլայ, բայց աշխարհին համար, դժբախտաբար՝ կարծես արդէն ընդունելի վիճակ մըն է այդ մէկը։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ այդ համընկնեցումը տեղի ունենայ, իրատես ձեւով մօտենանք հարցերուն, որպէսզի Սփիւռքը, լաւ խօսքին կողքին նաեւ լաւ գործ տայ։ Յոյս կա՞յ արդեօք։

Յոյսը միշտ կայ, նաեւ անհրաժեշտութիւն է, որ Սփիւռքը շատ աւելի գործունեայ ըլլայ, շատ աւելի ազդեցութիւն ունենայ իր ապրած երկիրներուն մէջ, նպատակասլաց ըլլայ իր գործունէութեան մէջ։ Այդ յոյսերը կան անշուշտ։ Խօսեցաք աւանդական կառոյցներուն մասին, որոնք դժբախտաբար, իրենց առաջուայ ուժը չունին։ Պատճառները շատ ու բազմազան են։ Առաջին պատճառը այն է, որ այդ կառոյցներուն հիմքը լիբանանահայ գաղութն էր, Լիբանանը սփիւռքահայութեան կեդրոնն էր, որ 1975-ի պատերազմէն ետք թուլացաւ։ Լիբանանի պատերազմին հետեւեցաւ իրանեան յեղափոխութիւնը, Իրաք- Իրան պատերազմը, եւ այլ դէպքեր։ Յետոյ, Հայաստանը անկախացաւ եւ Սփիւռքը, իր գործունէութեան ուղղութիւնը փոխեց։ Ապա եղաւ Կիւմրիի երկրաշարժը, յետոյ Արցախի պատերազմը։ Այս բոլորին ընթացքին, Սփիւռքը ինքզինք մոռցաւ եւ փորձեց Հայաստանին օգնել։ Ուժը հոն դրաւ եւ յետոյ որոշ չափով յուսախաբ եղաւ, երբ սպասածը չկրցաւ իրականացնել Հայաստանի մէջ։ Անկախութենէն ետք, Սփիւռքի կառոյցները իրենց կեդրոնը Հայաստան փոխադրեցին, Հայաստանակեդրոն քաղաքականութիւն որդեգրելով։ Այս հարցն ալ պէտք է քննարկման նիւթ դառնայ։ Գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր նաեւ աւանդական կուսակցութիւններուն ներքին հակասութիւնները՝ միջկուսակցական պայքարը, որ վերածուեցաւ ներկուսակցական պայքարի։ Յուսանք, որ անոնք դարձեալ կարենան կազմակերպուիլ։ Ես կ՚ապրիմ Եւրոպայի՝ Գերմանիոյ մէջ, կրնամ ըսել, որ ներկայիս սփիւռքահայութեան մեծ մասը այդ աւանդական կուսակցութիւններէն հեռու է։ Կրնամ ըսել, որ 95 տոկոսը կապ չունի աւանդական կուսակցութիւններուն հետ։ Աւանդական կուսակցութիւնները յաջողած էին Միջին Արեւելքին մէջ լաւ աշխատանք կատարել։ Երբ ժամանակները փոխուեցան եւ աւելի մեծ խաղի մէջ պէտք էր մտնէին, Եւրոպայի մէջ, Ամերիկայի մէջ, անոնք չյաջողեցան նոյն դիրքը պահել։ 

 

-Վարչապետին՝ Պրն. Փաշինեանին Գերմանիա այցէն ետք, շատ մեծ յոյսեր ունէինք՝ նոր համագործակցութիւն, պետական այց, յարգանքի մթնոլորտի մէջ եղած վերաբերմունք։ Այդ բոլորը, գերմանահայ համայնքը կրցա՞ւ միաւոր դարձնել, կամ պարզապէս ուրախացաք եւ այդքան։ Տեղ մը կրնանք նշել, որ ինչ որ տեղ Գերմանիան կրնայ ծառայել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, որովհետեւ Գերմանիոյ ըսած խօսքը Անգարային որեւէ ուրիշ այլ երկրի մը ըսած խօսքին չի նմաներ։ Ի՞նչ կը մտածէք այս առումով

Գերմանիան շատ մեծ դեր կրնայ խաղալ այս հարցին մէջ։ 2016-ին խորհրդարանէն ներս բանաձեւ մը ընդունեց, ուր գրուած է, թէ Գերմանիան, համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք շատ մեծ ճիգ թափեց, փորձառութիւն շահեցաւ, իր պատմութեան մութ էջերը վերանայելու, եւ այդ բանաձեւին մէջ, որպէս միջնորդ ինքզինք առաջարկեց։ Միւս կողմէ կը նկատենք, որ Հայութեան կողմէ յստակ ծրագիր մը չկայ։ Խնդրիը այն է, որ մենք երբ բանաձեւի ընդունման համար աշխատեցանք, յաջորդ քայլերուն մասին դժբախտաբար չէինք մտածած, թէ ինչ պիտի պահանջենք Գերմանիոյ պետութենէն։ Գերմանիոյ պետութիւնը պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեց նաեւ հայութենէն։ Այս հարցին պաշտպանը հայութիւնն է, ցեղասպանուած հայութեան թոռներն են, որոնք յստակ, նպատակասլաց ծրագիրներով պէտք է դիմեն եւ պայքարին, որպէսզի կարենան արդիւնքի հասնիլ։

 

-Չէ՞ք կարծեր, որ Ցեղասպանութեան թեման առաւելաբար ներքին հայկական օրակարգի թեմա դարձաւ։ Զէնք մը, որպէսզի հայութիւնը միաւորէ, որպէսզի հայկական գաղութները պրկուած մնան։ Մենք ալ ժառանգորդներն ենք Ցեղասպանութիւնէն փրկուածներուն եւ այդ ցաւը երբեք չենք մոռնար, սակայն, երբ պետական քաղաքականութեան մասին կը խօսինք, թէ ինչ դեր կրնայ ունենալ Ցեղասպանութեան թեման, տակաւին յստակ չէ։ Արդեօք պէտք է վերափոխե՞լ մեր մօտեցումը եւ ի վերջոյ վերանայիլ մեր ունեցած «զէնք»երուն։ Որովհետեւ անկարելի է աշխարհագրութիւնը փոխել եւ այդ փաստը շատ բան աւելի յստակ կը դարձնէ...։

Մենք աշխարհագրութիւնը չենք կրնար փոխել, բայց այստեղ կարելի է յստակ դերերու բաժանում մը կատարել։ Հայաստանը, որպէս պետութիւն, որ խեղդուած է այս բանթուրանիզմի վտանգին մէջտեղ, պէտք է փորձէ ուրիշ՝ աւելի ճկուն քաղաքականութիւն վարել, իսկ Սփիւռքը կրնայ իր պահանջատէրի քաղաքականութիւնը շարունակել, պայմանաւ, որ այս աշխատանքները համադրուած ըլլան, եւ ոչ՝ հակադրուած։ Գերմանիոյ մէջ մենք կը փորձենք այսպէս աշխատիլ։ Գերմանահայոց Առաջնորդարանը, Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդը, Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ Արցախի ներկայացուցիչը կը փորձեն որոշ չափով համադրուած աշխատիլ։ Բարեբախտաբար, Գերմանիոյ մէջ ես տակաւին որեւէ հակադրութեան չհանդիպեցայ։

 

-Ամէն անգամ, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն տեղի կ՚ունենայ, յաճախ ձայներ կը լսենք, յատկապէս 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, որ Սփիւռքը պառակտուած է։ Հայաստան-Սփիւռք իրարմէ քէն են, վիհ մը կայ մեր միջեւ, եւայլն։ Այդ վիհը, որուն մասին կը խօսին, ինչքանո՞վ ներկայացուցչական է։ Դուք ըսիք, որ շատ մը գերմանահայեր հեռու են ազգային կառոյցներէն, ինչ-ինչ պատճառներով։ Հայաստանի իշխանութիւնը որեւէ մեղք ունի՞ այս բոլորին մէջ։ 

Սփիւռքը Հայաստանի անկախութենէն առաջ ալ պառակտուած էր։ Մինչեւ իսկ մութ տարիներ եղան Սփիւռքի մէջ՝ եղբայրասպանութիւն եղաւ։ Եթէ իրարու այս ձեւով հակադրուելու նպատակ ունենանք, միշտ ալ պատճառ մը կը գտնենք։ Անկախութենէն ետք յոյս ունէինք, որ նոր սկիզբ մը պիտի ըլլայ։ Դաշնակցութիւնը յոյս ունէր, որ Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ աւելի ազդեցիկ կրնայ ըլլալ։ Ան երբեմն հակադրուեցաւ իշխանութիւններուն, երբեմն ալ՝ գործակցեցաւ, սակայն երկու պարագային ալ վնաս ստացաւ։ Փաշինեանի շրջանին ալ հակադրութիւն կայ, սակայն ոչ Դաշնակցութեան բոլոր կողմերուն կողմէ։ Կան նաեւ առողջ ուժեր՝ կողմեր, որոնք դէմ են այս սուր հակադրութեան։ Սակայն ինչ իշխանութիւն ալ ըլլայ, մենք պէտք է յուսանք, որ պետութիւնը միշտ զօրաւոր ըլլայ։ Պէտք է համագործակցինք եւ Հայաստանը, հայոց բանակը եւ տնտեսութիւնը զօրացնենք։ Զուգահեռ, այնպիսի «մոտէլ»ներ պէտք է գտնենք, որ Հայաստանը եւ Սփիւռքը կարենան իրար զօրացնել, իրարմով զօրանալ։

 

 

 Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի 

Նիւթը  «Պայքար»էն