Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Քասփար Վելտքամփը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները, Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ուղեկցութեամբ, այցելած են հայ-ատրպէյճանական սահման։
«Պատիւ է հիւրընկալել Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Քասփար Վելտքամփը, Հոլանտայի Թագաւորութեան դեսպան Մարիքէ Մոնրոյ-Վինթերը եւ Հայաստան այցելած պատուիրակութիւնը», – նշուած է դիտորդական առաքելութեան X-ի էջին մէջ։