image

Ընթերցումներս. Բառային կրկնութիւն (3). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Բառային կրկնութիւն (3). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Բառային կրկնութիւն (3)

  1. Դերանուանական կրկնութիւններ

Կրկնութիւններու այս տեսակին կը հանդիպինք մասնաւորաբար թարգմանական գրականութեան մէջ, ուր թարգմանողը, անկախ իր  համբակութենէն,  աւելի կամ պակաս   կ’իյնայ ազդեցութեանը տակ  թարգմանած լեզուին, ըսենք՝ ֆրանսերէնին կամ  անգլերէնին, որոնք այնպիսի լեզուներ են,   որոնք պարտաւոր են անընդհատ կրկնելու ենթակայ  ու յատկացուցիչ դերանունները հոն, ուր հայերէնը այդ ստիպողութեան տակ չէ՝ շնորհիւ մէկ կողմէ մեր բայերու դիմային այլազանութեան, միւս կողմէ՝ մեր ստացական յօդերուն:

  Բերենք  օրինակներ  ըմբռնելի դարձնելու համար  այս՝ ըստ ամենայնի որոշապէս  բարդ կացութիւնը.

--Պաշտօնը ստանձնելէ ետք  իմ առաջին այցելութեանս ժամանակ իմ ոււղերձս յստակ է:

Այս նախադասութեան բնագիրը գերմաներէն է: Թարգմանիչը չէ  յստակացուցած է, թէ ուղղակի՞ թարգմանած է, թէ՞ միջնորդական լեզուէ մը՝ ֆրանսերէնէ կամ անգլերէնէ: Ինչպէս կը տեսնենք, այստեղ մեքենաբար կրկնուած է իմ յատկացուցիչ դերանունը, որովհետեւ այսպէս կը պարտադրեն այդ լեզուները հոն, ուր հայերէնը շատ դիւրաւ կրնայ երկուքէն ալ հրաժարիլ՝ կատարելապէս գոհանալով  այցելութեանս եւ ուղերձս բառերու կրած ստացական «ս» յօդով.

--Պաշտօնը ստանձնելէ ետք  առաջին այցելութեանս ժամանակ  ոււղերձս յստակ է:

Բծախնդիր հայը  պիտի ըսէր ստանձնելէս՝ փոխանակ ստանձնելէ:

Այլ խօսքով՝   ստանձնել դերբայը օժտէր «ս» դիմորոշ յօդով, ինչ որ հնդեւրոպական լեզուներէն մի՛այն հայերէնը կրնայ ընել: Սակայն չէ ըրած, որովհետեւ բնագիրին մէջ այդ դերբայը զուրկ է դիմորոշ յօդէ, եւ թարգմանիչը ինկած է  բնագրի լեզուամտածողութեան ազդեցութեան տակ եւ ինք ալ զրկած է դերբայը յօդէ: Կարելի է որոշ լաւատեսութեամբ ըսել, որ եթէ այս կամ նման նախադասութեան մը հեղինակը ինքը հայ թարգմանիչը ըլլար, ապա այդ յօդը ենթադրելի է որ դնէր, որովհետեւ այդպէս կը պահանջէ հայեցի տարրական լեզուամտածողութիւնը նոյնիսկ  առօրեայ ժողովրդախօսակցական արեւմտահայերէնի  մէջ:

Այստեղ փութամ  աւելցնել, որ բերուած նախադասութեան մէջ արեւելահայը իր կարգին ընդմիշտ պիտի չդնէր այդ դիմորոշ յօդը, քանի որ իր բարբառը կը մերժէ  այդ կիրարկութիւնը. ան պիտի գոհանար ըսելով՝ 

--Պաշտօն(ս)  ստանձնելուց  յետոյ.... 

Այս ալ կը նշանակէ, որ արեւմատահայ անփոյթ գրողը  սխալ պիտի թարգմանէր արեւելահայերէն գրութիւնն ալ: Այո՛, այդպէս է, եւ մեր թերթերուն մէջ հետզհետէ  աւելի ու աւելի կը վխտան այս եւ նման սխալներ՝ արեւելահայերէնէ կատարուած թարգմանութեանց մէջ: Արեւելահայերէնը ժամանակին  աւելի կը պարտադրէ ինքզինք արեւմտահայերէնին՝ բոլորովին գաղտագողի, հեզասահ ու աննկատ  թափով եւ մերոնց... մեղսակցութեամբ:

                                                                    *   *   *

Ստորեւ տեսնենք այլ օրինակներ՝ սրբագրութիւններով հանդերձ:

--«Բրիտանիոյ վարչապետը իր երկրին քաղաքական վերնախաւին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց» («Ազդակ», 4/12/2024): 

Ամենայն հաւանականութեամբ՝ թարգմանութիւն է անգլերէնէ, որ  անհրաժեշտօրէն երկու դերանունով պարտէր արտայայտել այս միտքը:  Թարգմանիչը իր հեւքին, անփութութեան, այլեւ անտարբերութեան մէջ՝ հանդէպ իր ոճին, մեքենաբար վերարտադրած է զանոնք, մինչդեռ շատ դիւրաւ կրնար խուսափիլ երկուքէն ալ.

--«Բրիտանիոյ վարչապետը քաղաքական վերնախաւին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ  յայտարարաեց»:

Լռելեայն կ’իմացուի, որ Բրիտանիոյ վարչապետը ուրիշին  քաղաքական վերնախաւին առջեւ պիիտի չարտասանէր իր խօսքը... միւս կողմէ՝ ոչ մէկ ընթերցողի մտքէն կրնար անցնիլ, որ ան  արտասանէր ուրիշի մը խօսքը, այլ պիտի արտասանէր իր սեփական խօսքը. թող որ խօսքին «ն» ստացական յօդը արդէն ցոյց կու տայ խօսքին տիրոջ ո՛վ ըլլալը: Ջնջեցինք երկրին բառը եւս այն մտածումով, որ Բրիտանիոյ վարչապետը չէր կրնար Չինաստանի կամ Զանզիպարի մէջ՝ այս վերջիններէն մէկուն քաղաքական վերնախաւին առջեւ  արտասանած ըլլար  խօսքը: 

Յիշեալ բոլոր զեղչերէն ետք պիտի  մնար.

--«Բրիտանիոյ վարչապետը քաղաքական վերնախաւին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց»:

                                                            

  1. Այս բոլորէն դուրս՝ յաճախ, դժբախտաբար շատ յաճախ, տեղի կ’ունենան կրկնութիւններ, որոնք պարզապէս ապշեցուցիչ են,  անբացատրելի եւ... յուսահատական. այս ճիգին օրինակելի ու վարակիչ  նուիրումով մը կը ծառայէ  «Ազդակ»-ի քաղաքական վաստակաշատ էջը, ուր տեղ կը գտնեն սփիւռքահայ մամուլի ամենախայտաբղէտ գոհարները. օրինակ՝

--«Որոշուեցաւ այդ խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ Ասթանայի հոլովոյթը շարունակել» («Ազդակ», 4/12/2024, էջ 8): 

Ուղղակի առեղծուած մըն է, թէ ինչո՞ւ չ’ըսուիր.

--«Որոշուեցաւ այդ խորհրդակցութիւնները եւ Ասթանայի հոլովոյթը շարունակել»:

Նաեւ՝

--«[Կողմերը] համաձայնած են գոյացնելու “ընկերային թիկունք կանգնելու յանձնախումբ” անունով յանձնախումբ  մը» (անդ, էջ 1):

--«Համասն ու Ֆաթհը համաձայնեցան համաձայնութեան նախագիծի մը շուրջ» (անդ):

Լեզո՞ւ է այս, թէ՞  լեզուական ասպատակութիւն:



Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com