image

Մոնթրէալի մէջ. ՀՀ դեսպանութեան կազմակերպած դասախօսութիւնը

Մոնթրէալի մէջ. ՀՀ դեսպանութեան կազմակերպած դասախօսութիւնը

Օրերս Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ապագան. յաղթահարելով խաղաղութեան ճանապարհի խոչընդոտները» խորագրով հանրային դասախօսութիւն մը կազմակերպութեամբ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանատան։

Ատոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ դեսպանատան դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը։

6 Մարտին, Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-քննարկում մը՝ «Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ապագան. յաղթահարելով խաղաղութեան ճանապարհի խոչընդոտները» խորագրով։

Դասախօսութիւնը ներկայացուց Օթաուայի համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Ժան-Ֆրանսուա Ռատել։

Քննարկումը համակարգեց Քարլթոն համալսարանի դասախօս՝ Փրոֆ. Ճէֆ Սահատեօն։ Երկու դասախօսներն ալ քաջածանօթ են տարածաշրջանին մասին, մասնաւորապէս՝ Հարաւային Կովկասի։

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը՝ Ն.Գ. ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց աշխարհաքաղաքական իրավիճակի ներկայ պայմանները եւ զարգացումներուն շուրջ քննարկումներ կատարեց։

Ժ.-Ֆ. Ռատել ներկայացուց սեփական տեսլականը եւ մօտեցումները Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայ պահուս ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական իրականութեան եւ ՀՀ առջեւ դրուած բարդ մարտահրաւէրներուն մասին։

Ծաւալած բուռն քննարկման ընթացքին Ժ.-Ֆ. Ռատէլ պատասխանեց ներկաներուն բազմաթիւ հարցումներուն։ Քննարկման մասնակցողները անդրադարձան  շարք մը թեմաներու, ինչպէս՝ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին, Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին շարունակական գրաւման եւ ուժ գործադրելու սպառնալիքներուն, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններուն, փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքներուն բացման, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին, ՀՀ դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն, եւ այս բնաբանին մէջ  հայկական սփիւռքի գործունէութեան արդիւնաւետութեան հարցերուն շուրջ։