Պոլսոյ մէջ, «Լունա Կրանտ Արթ» արուեստասրահը «Հիւսրեւ Քէթհիւտա բաղնիք»ի պատմական կառոյցին մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպած է, որ կը կրէ «Իսթանպուլի առասպելները» կարգախօսը, եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են հայ արուեստագէտներ՝ Դալար Գայաօղլու-Պետիկեան եւ Սելին Պետիկեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Լունա Կրանտ Արթ» արուեստասրահը ցուցահանդէս մը կազմակերպած է Իսթանպուլի «Հիւսրեւ Քէթհիւտա բաղնիք»ի պատմական կառոյցին մէջ։ Ցուցադրութիւնը, որ կը կրէ «Իսթանպուլի առասպելները» կարգախօսը, պաշտօնապէս բացուեցաւ 22 Փետրուարին։ Արուեստասէրներ մինչեւ 28 Փետրուար առիթն ունին այցելելու ցուցահանդէս։
Հայ համայնքէն ալ մասնակիցներ կան իրենց ստեղծագործութիւններով։ Անոնցմէ Դալար Գայաօղլու-Պետիկեան արուեստասէրներու հետ ժամադրուած է հետաքրքրական երկու կտաւներով։ Առաջինը «Իմ ներքին ես-երը» անունով աշխատանքն է, երկրորդը՝ «Կակաչ»ը։ Արուեստագիտուհին հետաքրքրական մեկնաբանութիւններ կցած է ստեղծագործութիւններուն, ընդգծելով որ «Իմ ներքին ես-երը» կտաւը մարդուն կը ծանօթացնէ իր տարբեր ես-երը, այսինքն կը ցոլացնէ անձի մը ներքին խառնուածքը՝ քանի մը «ես»երու համադրութեամբ, իսկ «Կակաչ»ը շաղախած է Իսթանպուլի երկու խորհրդանիշները՝ կակաչն ու հին Իսթանպուլի կնոջ կերպարը։
Իսկ ո՞վ է Դալար Գայաօղլու-Պետիկեան։ Ան 2006 թուականէն ի վեր որպէս ձեւագծող կ'աշխատի հագուստեղէնի տեղական ու արտասահմանեան ընկերութիւններու համար։ Ընդունակութիւնները զարգացնելու եւ վարպետութիւն ձեռք բերելու նպատակով հետեւած է կարեւոր դասընթացքներու։ 2020-ի համավարակի օրերուն դրած է «Պոլիս Իսթանպուլ» ապրանքանիշի հիմերը։ Իր բոլոր հաւաքածոներու մէջ տիրական են «Իսթանպուլեան գոյներ»ը, որոնց սիրահարած է արուեստագիտուհի-ձեւագծողը, իրարու հետ շատ լաւ համադրելով արուեստն ու նորաձեւութիւնը։
Երկրորդ մասնակիցն է Սելին Պետիկեան, որ ցուցահանդէսին կը մասնակցի «Սելինամէ» անուն կտաւով։ Այս ստեղծագործութիւնը պատրաստուած է հայկական տառերու գծագրութեան յղացքով։ Արուեստագիտուհին դիտել կուտայ որ հայերէն տառերը տակաւին կ'արձագանգեն Իսթանպուլի բազմաշերտ յիշողութեան մէջ։
Կը շնորհաւորենք Դալարն ու Սելինը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրենց։