Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս.Պէրպէրեան կը գրէ՝
Պատահա՞ծ է բնաւ որ զգացած էք աշխարհի բեռը ձեր ուսերուն վրայ է, եւ որքան որ փորձէք ծրագրել եւ հակակշռել, միշտ կեանքը չակնկալուած դժուարութիւն մը կը յայտնաբերէ։ Յոգնեցուցիչ է այդպէս ապրիլ, չէ՞: Բայց իրականութիւնը այն է, թէ մենք երբեք առանձինն պիտի չդիմագրաւենք մեր դժուարութիւնները:
Աստուծոյ յանձնուիլ չի նշանակեր հրաժարիլ, տեղի տալ։ Այլ կը նշանակէ խոր շունչ մը քաշել, ձերբազատիլ վախէն, հոգէն, նեղութենէն եւ վստահիլ, որ Աստուած աւելի մեծ եւ աւելի լաւ ծրագիր մը ունի մեզի համար: Անկախ անկէ, թէ որքան որ մենք ջանք կը թափենք, որոշ բաներ կան որ միայն Ան կրնայ հակակշռել:
Եթէ այսօր սիրտդ ամպամած է, պահ մը կանգ առ։ Դիմէ Աստուծոյ: Հոգերդ, վախերդ եւ անորոշութիւններդ Աստծոյ յանձնէ: Մենք բոլոր պատասխանները չունինք: Եւ երբ մենք մեր հոգերը կը յանձնենք Աստծոյ, կ’ունենանք խաղաղութիւն մը, որ ամէն մտքէ վեր է: