image

«Հայերս կը հաւատանք, որ զէնքի ուժով չէ որ կրնայ լուծուիլ լիբանանեան տագնապը».Վարուժան Պետիկեան (Արխիւային նիւթ)

 «Հայերս կը հաւատանք,  որ զէնքի ուժով չէ որ կրնայ լուծուիլ լիբանանեան տագնապը».Վարուժան Պետիկեան (Արխիւային նիւթ)

Լիբանանահայութիւնը կ'որդեգրէր դրական չէզոք կեցուածքը   կռուող կողմերուն միջեւ, քանի որ, կ'ընդգծէր միացեալ հաղորդագրութիւնը, հայերը կը հաւատային, որ զէնքի ուժով չէ որ կրնայ լուծուիլ լիբանանեան տագնապը, այլ կողմերու միջեւ կայացուելիք շինիչ բանակցութեամբ:

 

 Այս տարի իր լրումին կը հասնի Լիբանանի   քաղաքացիական  պատերազմի բռնկման 50-րդ տարելիցը։ Այս առթիւ ալ նպատահայարմար   համարեցին «Արեւելք»ի ընթերցողներուն ներկայացնել    պատերազմի առաջին օրերուն մասին  կարեւոր եւ  անկեղծ  վկայութիւն մը, որուն հեղինակն է    բանաստեղծ եւ մանկավարժ՝ Վարուժան Պետիկեան 

Նշենք, որ Վարուժան Պետիկեան ծնած է Հալէպ: Աւարտած է Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, ապա աւարտած՝ տնտեսական եւ հաշուապահական ճիւղը  Պէյրութ: Ան աշխատած է Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, ապա 1976-էն սկսեալ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն դասաւանդելով հաշուապահութիւն եւ հայ գրականութիւն: Ան հեղինակն է երկու գիրքերու եւ թարգմանութեան մը՝ Շէյքսփիրի Much Ado About Nothing (Բազում Աղմուկ Վասն Ոչինչ): Ան հրապարակած է բազմաթիւ յօդուածներ Պէյրութի  «Զարթօնք» թերթին  եւ  «Շիրակ» ամսաթերթին մէջ: Ան նաեւ եղած է գլխաւոր խմբագիրը «Զարթօնք մարզական»ին: 

 

1976-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիներուն, լիբանանահայ խումբ մը ուսուցիչներ այցելած են Երեւան: Այդ խումբի մէջն էր նաեւ մանկավարժ, գրող, հասարակաական գործիչ՝ Վարուժան Պետիկեան: Անոնք այցելելած  են Երեւանի  «Հանրային Ռատիօ» ուր Վարուժան Պետիկեան ելոյթ ունեցած է ընդառաջալով խմբագրութեան ու խօսած Լիբանանի հայ գաղութին  ու Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին մասին, ուր այդ օրերուն նոր ընթացք առած էր քաղաքացիական արիւնալի պատերազմը 

 Պետիկեան մասնաւորապէս ըսած է.- 

 «17 ամիսներէ ի վեր, գրեթէ ամէն օր,  բովանդակ աշխարհի մամուլը, ռատիոկայաններն ու պատկերասփիւռի կայանները, կ'անդրադառնան Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն եւ իւրաքանչիւրը այդ մասին կ'ընէ իր մեկնաբանութիւնը, կու տայ ի՛ր «ճշմարտութիւն»ը, ճշմարտութիւն բառը  յարաբերական հասկացողութիւն մը ըլլալով կարելի է ըսել թէ, բոլորն ալ կը ներկայացնեն իրականութեան մէկ մասը միայն, այն մասը, որ համապատասխան է իրենց շահերուն: 

Սովետական Հայաստանի ժողովուրդը մանաւանդ, խորապէս մտահոգուած է լիբանանահայութեան կացութեամբ եւ անոր ապագայով։ Այս հետաքրքրութիւնն ու մտահոգութիւնը արդար են ու հիմնաւոր, քանի որ Լիբանանի փոքրիկ հողին վրայ հայերս յաջողած էինք ստեղծել եռուն, հայ կեանքով ապրող կեդրոն մը, եւ եթէ արիւնալի բախումները դեռ երկար տեւեն, այդ հայաշատ կեդրոնին գոյութիւնն իսկ կը վտանգուի: Արդարեւ, շուրջ 250.000 հոգի հաշուող լիբանանահայ գաղութը իր կրթական, մշակութային, ընկերային եւ մարզական բազմաթիւ հաստատութիւններով, իր մամուլով եւ հրատարակչական տուներով  կը ներկայացնէ ամէնէն կենսունակ  ու տոկուն կռուանը հայը հայ պահելու սփիւռքի մէջ: Մինչեւ եղբայրասպան կռիւներուն սկսիլը, այսինքն մինչեւ 17 ամիս առաջ, Լիբանանի մէջ կը գործէին շուրջ 70 նախակրթարաններ, 14 երկրորդական վարժարաններ, 1 համալսարան՝ Հայկազեան Քոլէճը, քանի մը տասնեակ մշակութային, ընկերային եւ մարզական ակումբներ, 3 օրաթերթ, 3 շաբաթաթերթ, 1 հայկական հիւանդանոց՝ Ազունիէի ազգային բուժարանը,  եւ շուրջ 25 տպարաններ կամ հրատարակչական տուներ, եւ այս բոլորը, բացի հայկական 3 օրաթերթերէն, որոնք կանոնաւորաբար լոյս կը տեսնեն, բայց մեծ դժուարութեամբ կը ցրուին,  ամիսներէ ի վեր դատապարուած են անշարժութեան, անգործութեան, իսկ եթէ, Աստուած մի արասցէ, քայքայուի մեր աշխոյժ գաղութը, կոտրուած կ'ըլլայ սփիւռքահայութեան ողնասիւնը, կը ցամքի յորդառատ աղբիւրը, որ տարիներէ ի վեր մտաւորականութիւն, կրթական մշակներ ու խմբագիրներ կը հայթայթէ սփիւռքի միւս գաղթօճախներուն: 

Ի՞նչ ըրաւ եւ կ'ընէ լիբանանահայութիւնը մահասփիւռ կռիւներէն դուրս մնալու կամ նուազագոյն մարդկային կորուստով դուրս գալու համար: Առաջին վայրկեանէն իսկ, հայ կուսակցութիւնները նախազգալով մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգին ահաւորութիւնը միացան եւ կազմեցին միացեալ քաղաքական եւ զինուորական հրամանատարութիւններ, մէջտեղ բերին 

մարտական գունդեր հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան համար, եւ հայկական ու տեղական մամուլին մէջ հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն, ուր յստակօրէն կ'ըսուէր, թէ ամբողջ լիբանանահայութիւնը կ'որդեգրէր դրական չէզոք կեցուածքը   կռուող կողմերուն միջեւ, քանի որ, կ'ընդգծէր միացեալ հաղորդագրութիւնը, հայերը կը հաւատային, որ զէնքի ուժով չէ որ կրնայ լուծուիլ լիբանանեան տագնապը, այլ կողմերու միջեւ կայացուելիք շինիչ բանակցութեամբ: Ամբողջ   կռիւներու տեւողութեան լիբանանահայութիւնը մազաչափ մը անգամ չշեղեցաւ իր որդեգրած դիրքորոշումէն: Ճիշդ է որ վերջին շրջանին հայահոծ Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ պատահեցան քանի մը մանր բախումներ,   հայ մարտական տղոց եւ տեղացի խռովարար տարրերու միջեւ, բայց հայերս չէինք նախայարձակը, եւ մեր տղաքը պարզապէս դիմեցին ինքնապաշտպանութեան բնական իրաւունքին, բայց, ընդհանուր առմամբ հայութիւնը յաջողեցաւ, ինքզինք դուրս պահել կռիւներէն, եւ ասիկա իսկական բարիք մը եղաւ մեր գաղութին համար, այլապէս, ազգային աղէտ պիտի ըլլար: Ուստի շնորհիւ հայ կուսակցութիւններուն միջեւ ստեղծուած սերտ ու անկեղծ գործակցութեան,  ցարդ կարելի եղաւ պահպանել հայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը եւ կորուստէն փրկել շարք մը հիմնական հաստատութիւններ: Հակառակ այս իրողութեան սակայն, լիբանանահայութիւնը մինչեւ հիմա, իր դրական չէզոքութեան համար արդէն իսկ վճարած է արեան ծանր տուրք՝ 2000 մեռեալ եւ 3000 վիրաւոր, իսկ հայերուս կրած նիւթական, կալուածական ու ապրանքային վնասները  բաղդատած մեր թիւին անհամեմատօրէն մեծ են, կը հաշուուին քանի մը հարիւր միլիոն տոլար. քանդուած, թալանուած կամ հրկիզուած են հարիւրաւոր հայկական բնակարաններ, խանութներ վաճառատուներ, գործատեղիներ ու գործարաններ, դպրոցներ, եկեղեցիներ ու ակումբներ.  շուրջ 1,5 տարի է, որ 60000-ի չափ հայ մանուկներ ու պարմաններ զրկուած են ուսման ու կրթութեան բարիքներէն: 

Տագնապալի այս օրերուն ինչ ըրին ու կ'ընեն սփիւռքի միւս գաղութները լիբանանահայութեան օգնելու տեսակէտէն: Սփիւռքի միւս գաղթօճախները, շատ  չնչին բացառութեամբ, լաւ գիտցան գնահատել լիբանանահայութեան կատարած հայապահպանման մեծ գործը եւ անմիջապէս եղբայրական ձեռք երկարեցին, անոնք հանգանակութիւններ կազմակերպեցին, եւ գոյացած գումարները փութացուցին Պէյրութ։ Այդ գումարները բաշխուեցան կարօտեալ ընտանիքներու, եւ այդ կարօտեալ ընտանիքներու թիւը փոքր չէ, ըստ վերջին արձանագրութեան՝  22000 հայ ընտանիք. եթէ այս թիւը բազմապատկենք հինգով, կ'ունենանք   110000 հոգի կամ շունչ, սա կը նշանակէ, թէ լիբանանահայութեան գրեթէ կէսը կը գտնուի կարօտեալ վիճակի մէջ, հասկցողին համար ահաւոր պատկեր է պարզուածը: Մեծագումար օժանդակութիւնները եկան հիւսիսային Ամերիկայէն, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, ֆրանսահայութենէն եւ իրանահայութենէն, իսկ օգնութեան բաշխումին գործը կազմակերպեցին Ամենայն Հայոց Հայրապետ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա.-ի նշանակած յատուկ մարմինը՝ Լիբանանահայ օգնութեան յանձնախումբ անունով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Ազգային իշխանութիւնները, Ճինիշեան եւ Հաուըրտ Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութիւնները: Ցարդ մեծագոյն օժանդակութիւն հասցնողը եղած է Ամենայն Հայոց Հայրապետի նշանակած յանձնախումբը, որ արդէն իսկ մեր ժողովուրդին բաժնած է 600000 լիբանանեան ոսկի, իսկ գանձին մէջ բաժնուելու համար պատրաստ ունի 400000 լիբանանեան ոսկիի պատկառելի գումար մը:  Լիբանանահայութիւնը միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ բովանդակ հայութեան Հայրապետին ընծայած անգնահատելի օժանդակութիւնը,   եւ  վեհին ի սրտէ կը մաղթէ քաջառողջութիւն   եւ արեւշատութիւն: Լիբանանահայ գաղութը պիտի չմոռնայ նաեւ իրեն օգնութեան ձեռք երկարած սփիւռքի միւս գաղթօճախները,  եւ երբ ատենը գայ պիտի յատուցանէ աւելիով, ասիկա թող  մեր անջնջելի պարտքը ըլլայ:

Ինչ ազդեցութիւն գործեցին Լիբանանի արիւնալի դէպքերը մեր գաղութին վրայ: Կռիւներուն մէջէն ամենասարսափելին քաղաքացիական պատերազմն է անտարակոյս,  չես գիտեր ով որու դէմ կը կռուի, կամ փամփուշտն ու ռումբը ո՞ր կողմէն պիտի հարուածեն քեզ: Եւ այսպէս, 17 ամիսներէ ի վեր, գիշեր ու ցերեկ անդադար, հազարաւոր հրթիռներ ու ծանր ռումբեր կը տեղան, խիտ կերպով բնակուած թաղամասերուն վրայ, արհամարհելով պատերազմական միջազգային օրէնքները եւ խլելով հարիւրաւոր անմեղ զոհեր: Մինչեւ մէկ միս առաջ, մինչեւ իմ Հայաստան գալս, մեռեալներուն թիւը կը գնահատուէր մօտ 35000-ով, իսկ վիրաւորեալներուն թիւը՝ 100.000-ով, շուրջ 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի  մը համար սա ահաւոր թիւ  է։ Բնականաբար, այս դժոխքէն կամ «Սոդոմ Գոմոր»էն փրկուելու համար մարդիկ պիտի դիմէին արտագաղթի,  պիտի փնտռէին ապահով ապաստարաններ, ու ծայր տուաւ արտագաղթի շարժումը դէպի արտասահման, առաւելաբար դէպի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Սուրիա եւ Կիպրոս: Այժմ Լիբանանի բնակչութեան շուրջ 1,5 միլիոնը, այսինքն կէսը, ապաստան գտած է արտասահմանեան երկիրներու մէջ. փախուստ տուած հայերուն թիւը 50.000-ը չ'անցնիր, ուրեմն մնացեալ 200.000 հայութիւնը դեռ ամուր կառչած կը մնայ լիբանանեան իր հայրենիքին:

Երեւանի մէջ ես հանդիպեցայ բազմաթիւ լիբանանահայերու, որոնք ժամանակաւորապէս արտօնուած էին մնալու հայրենաբնակ իրենց հարազատներուն մօտ: Զիս Օտեսա բերող նաւուն վրայ ծանօթացայ սուրիահայ երկու ընտանիքներու, որոնք վերջնականապէս հաստատուելու կու գային Հայաստան, այս երեւոյթը մեծ ուրախութեամբ լեցուց հոգիս, սա կը նշանակէ, թէ մեր հայրենի կառավարութիւնը գործով կը փաստէ, որ Հայաստանը հայրենիքն է բոլոր հայերուն անխտիր: 

Ես ասպարէզով ուսուցիչ եմ, դաստիարակ, հետեւաբար իրաւունք չունիմ որեւէ գինով յոռետես ըլլալու, ուստի վերջացնելու համար խօսքս հաստատ համոզումով կ'ըսեմ, թէ ի մօտոյ պիտի դադրին եղբայրասպան կռիւները, խաղաղութիւնը պիտի վերահաստատուի,  հեռացողներէն շատեր պիտի վերադառնան, նորէն պիտի սկսի եռալ լիբանանահայ մշակութային հասարակական կեանքը եւ մեր չքնաղ Լիբանանը կարճ ժամանակի մէջ պիտի վերագտնէ իր նախկին բարօր ու բարգաւաճ վիճակը»: