image

«Այսօրուընէ սկսեալ իր բարեխօսութիւնը պիտի հայցեմ` աղօթքներուս մէջ». Հայր Պետրոս վրդ. Մարաշլեան

 «Այսօրուընէ սկսեալ իր բարեխօսութիւնը պիտի հայցեմ` աղօթքներուս մէջ». Հայր Պետրոս վրդ. Մարաշլեան

 Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Միաբանութեան երիտասարդ  միաբանններէն՝ Հայր Պետրոս Վրդ. Մարաշլեան կը գրէ՝ 

Արդեօք աւելի մեծ հրաշքի կարիք կա՞յ, որպէսզի սրբադասուի անցեալ դարու մեծամեծներէն` հայազգի Կարդինալի Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարք։

Երբ իր ողջ կեանքի ընթացքին` մարդոց սրտերը հրապուրած է ` իր կեանքի սրբութեան համբաւով։

Արդեօք հիմա` դեռ ի՞նչ պէտք է ընէ` երկնքի բարձունքներէն՝ մարդկութեան եւ մանաւադ Քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ու եկեղեցւոյ իշխանութեան՝ փաստելու համար իր սրբութիւնը։

Կ՛ուզեմ հարց տալ Սրբուհի Ռիթային եւ Հայր Պիոյին՝ թէ' Աստուած Ձեր մարմինները անաղարտ ու անապական պահեց մարմնական մահէն ետք, ինչո՞ւ նոյնպէս կատարեց մեր Կարդինալի մարմինն ալ։

Արդեօք ասկէ աւելի մեծ փաստի կարիքը կա՞յ, որպէսզի հաւատանք իր վարքին եւ կենցաղի սրբութեանը։

Ինծի ներեցէ՛ք, բայց այլեւս պէտք չ՛ունիմ սպասելու` այսպիսի մարդու մը սրբութիւնը հռչակուելուն, այսօրուընէ իսկ` իր բարեխօսութիւնը պիտի հայցեմ` աղօթքներուս մէջ։