image

Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ 3-րդ Թագաւորի լուսանկարները. Կիպրահայ Կարէն Գազանճեանի «Ոսկեայ առիթ»ը (Լուսանկարներ)

 Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ 3-րդ Թագաւորի լուսանկարները. Կիպրահայ  Կարէն Գազանճեանի  «Ոսկեայ առիթ»ը (Լուսանկարներ)

 Նշենք, որ Նիկոսիոյ մէջ իր աչքերը բացած Կարէն Գազանճեան    արհեստավարժ լուսանկարիչ է եւ ան իր մասնագիտական ուսումը   ստացած է  Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։

Ան   ներկայութիւն է  գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ իր ոսպնեակի ուշադրութեան ներքոյ կը պահէ գաղութային   միջոցառումներն ու ձեռնարկները։ 

 Վերջին տարիներուն Կարէն իր հօր՝ Յակոբ Գազանճեանի հետ միասին (ՀՅԴ  Հայ Դատի Կիպրոսի մարմնի ներկայացուցիչ)  հիմնադրած է «Արձագանգ  Միտիա»  դիմատետրեան էջը, ուր  յաճախ ալ    կը տեղադրուին Կարէնի   պատրաստած    տեսանիւթերը։ 

Պատանեկան  տարիներէն  սկսեալ  լուսանկարչութեան    սիրահար հանդիըսացող՝  Կարէն Գազանճեան    լուսանկարած է  Մեծն Բրիտանիոյ  Չարլզ Թագաւորը։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Կիպրոսի իր աղբիւրէն։

 Առիթը եւ   լուսանկարներու թուականը չի նշուիր եւ կը հաղորդուի միայն, որ    Գազանճեան   ստացած է  յատուկ թոյլատւութիւն  թագաւորի ապահովութիւնը  ստանձնած  մարմիններէն ու  ինչպէս  երեւելի է լուսանկարները առնուած են  Հայց. Առաքելական  Լոնտոնի  եկեղեցիներէն մէկուն մէջ։

 Լուսանկարներուն մէջ՝ Չարլզ  թագաւորի կողքին կ՚երեւին   Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի  միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Աւագ   արք. Ասատուրեան (Իրաքի երբեմնի  առաջնորդ)  եւ   Գերշ. Տ. Վահան արք. Յովհաննիսեան  (Մեծն Բրիտանիոյ  նախկին  առաջնորդ)։

 Նշենք, որ Նիկոսիոյ մէջ իր աչքերը բացած Կարէն Գազանճեան    արհեստավարժ լուսանկարիչ է եւ ան իր մասնագիտական ուսումը   ստացած է  Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։

Ան   ներկայութիւն է  գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ իր ոսպնեակի ուշադրութեան ներքոյ կը պահէ գաղութային   միջոցառումներն ու ձեռնարկները։ 

 Վերջին տարիներուն Կարէն իր հօր՝ Յակոբ Գազանճեանի հետ միասին ( ՀՅԴ  Հայ Դատի Կիպրոսի մարմնի ներկայացուցիչ)  հիմնադրած է «Արձագանգ  Միտիա»  դիմատետրեան էջը, ուր  յաճախ ալ    կը տեղադրուին Կարէնի   պատրաստած    տեսանիւթերը։ 

Տակաւին երկար ճանապարհ մը կը սպասէ  Կարէնին, որուն յաջողութիւնը  մեր բոլորին համար  պիտի պարգեւէ  հպարտութեան նոր  առիթներ։

 

 Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը

 

 

Կարէն Գազանճեան