image

«Մենք պէտք է խաղաղութիւն հաստատենք Հարաւային Կովկասի մէջ» Ալիեւ

«Մենք պէտք է խաղաղութիւն հաստատենք Հարաւային Կովկասի մէջ» Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի XII Համաշխարհային համաժողովի բացման խօսքին մէջ նշած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կէտերուն մեծ մասը արդէն համաձայնեցուած են։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

«Մենք պէտք է խաղաղութիւն հաստատենք Հարաւային Կովկասի մէջ»,– ըսած է Ալիեւը։

Անոր խօսքով՝ ներկայիս քննարկումներ կ՚ընթանան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ, որու դրոյթներուն մեծ մասը արդէն համաձայնեցուած են։