image

« Այլեւս պիտի չլսեմ «Արա՛, Հրայրն է...» մեկնարկային նախադասութիւնը. Դոկտ. Արա Սանճեանի գրառումը

« Այլեւս պիտի չլսեմ «Արա՛, Հրայրն է...» մեկնարկային նախադասութիւնը. Դոկտ. Արա Սանճեանի գրառումը

Ամերիկահայ (արմատներով՝ Լիբանանէն) պատմաբան եւ համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Արա Սանճեան կը գրէ՝ 

Հրայր Թուխանեանը նաեւ հպարտ ճեմարանական էր, միշտ յիշելով Լեւոն Շանթը եւ յաճախ յղում կատարելով անոր խօսքերուն։

Տիրպոռնի Ս. Սարգիս եկեղեցիէն ելեկտրոնային շրջաբերական մը մի քանի ժամ առաջ կը գուժէր թէ երբ մի քանի օրէն աշխատավայրս վերադառնամ, այլեւս մեր կեդրոնը այցելութեան պիտի չգայ Հրայր Թուխանեանը։ Իրեն պիտի չհանդիպիմ համայնքային հաւաքներու ժամանակ։ Երբ հեռաձայնս ազդանշան տայ, այլեւս պիտի չլսեմ «Արա՛, Հրայրն է...» մեկնարկային նախադասութիւնը։

Եղեռնէն երկուստեք որբացած վանեցի ծնողներու զաւակ, հպարտ վանեցի էր։ Նախքան իրենց Ամերիկա տեղափոխուիլը, Խոսրով Թիւթիւնճեանն ու Վահան Փափազեանը իրենց բնակարանի յաճախակի այցելուները եղած են։ Ինքն ու կրտսեր քոյրը՝ հանգուցեալ Հուրիկը, յաճախ ինծի կը պատմէին արդէն պատմական դարձած այդ երկու անուններու անհատական-անմիջական գիծերուն մասին։

Հրայր Թուխանեանը նաեւ հպարտ ճեմարանական էր, միշտ յիշելով Լեւոն Շանթը եւ յաճախ յղում կատարելով անոր խօսքերուն։

Պատանեկան տարիքէն հետաքրքրուած էր լուսանկարչութեամբ, դարձած այդ մարզին մէջ արհեստավարժ։ Աւելի ուշ, Տիթրոյթի հայ համայնքի տարբեր հաւաքոյթները տեսագրողն ու վաւերագրողն էր։ Բայց իր մեծագոյն հպարտութիւնը Assignment Berlin գեղարուեստական ֆիլմի արտադրութիւնն էր, իրագործուած Տիթրոյթի մէջ, ուր կը ներկայացուի Թալէաթի ահաբեկումը Թեհլիրեանի կողմէ։

Հետաքրքրական էր իր պատմութիւնը թէ Թեհլիրեանի ընտանիքը չէր ուզած որեւէ առնչութիւն ունենալ ֆիլմի պատրաստութեան հետ ու խուսափած էր ֆիլմարտադրիչին հետ ուղղակի կապ ունենալէ։ Մի քանի տարի առաջ, յուշի այդ պատառիկները մասամբ տեսագրեցինք՝ մեր կեդրոնին եւ անձնական մասնակցութեամբս։ Կարծեմ YouTubeի վրայ կարելի է գտնել այդ կարճ հոլովակը։

Առանց Հրայր Թուխանեանի, Տիթրոյթի հայագաղութը աւելի աղքատիկ տեղ մը պիտի դառնայ։