Ազգային բարերար Մայք Սարեան կը գրէ՝
«Վերադարձանք Միացեալ Նահանգներ, օգտուելով այս առիթէն կ'ուզեմ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել Հայ Դատի Եւրոպայի «Երջանիկ Սարեան» նորաբաց կեդրոնի բոլոր հրաշալի եւ նուիրեալ անձնակազմին եւ ղեկավարներուն:
Բաւական զգացական ճամբորդութիւն մըն էր ինծի եւ իմ ընտանիքիս համար տեսնելով մեր հօր անունը Հայ Դատին նուիրուած այս կեդրոնին մէջ:
Կ'ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Բիւրոյի ատենապետ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին իր հսկայական նուիրումին ու աջակցութեան համար իրականցնելու այս մեծ յաջողութիւնը ու Հայ Դատի կեդրոնը համաշխարհային դարձնելու:
Վերջապէս, Գասպար Կարապետեանը եւ իր օգնականները: Ես կ'ըսեմ «Գասպարի հրեշտակներ»ը: Անոնք բացառիկ են, եւ մենք նոր ընտանիք եւ ընկերներ դարձանք առյաւէտ:
Մենք կրկին պիտի տեսնուինք: Կը սիրենք ձեզի: Շարունակեցէք ձեր մեծ գործը ի շահ մեր ազգին»։
«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Մայք Սարեան վերջերս կը գտնուէր Պելճիքա, ուր բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի պաշտօնական գրասենեակին, որուն բարերարութիւնը կը պատկանի Մայք Սարեանին եւ կոչուած է վերջինիս հանգուցեալ հօր Երջանիկ Սարեանի անունով։