Օրերս սրտազեղ գրառում մը կատարած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի նուիրեալ քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Յովսէփ քհնյ. Յակոբեան։
Քահանայ հայրը, ուզած է իր ուրախութիւնը բաժնեկցիլ , իր բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ յիշեցնելով, որ օրերս իր լրումին հասած է իր եւ երէցկնոջ ամուսնութեան ոսկեայ 50-ամեայ՝ յոբելեանը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը բաժնեկցինք այդ գրառումը, միշտ բարի, առողջ եւ քրիստոսաւանդ եւ երջանիկ օրեր մաղթելով քահանայ հօր։
Տէր Հայրը կը գրէ՝
«50 տարի առաջ, 1974 թուականի Փետրուարի 16-ի երեկոյան տեղի ունեցաւ մեր Սուրբ Պսակի արարողութինը Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ Տաճարում։
Կարծես երէկ էր։ Աստծուն փառք եմ տալիս, որ Տիկնոջս հետ 50 տարի է միասին ենք։ Տիրոջ ողորմութիւնը թող մեր վրա լինի եւս երկար տարիներ»։
Լուսանկարը՝ յիսուն տարին իր մէջ ամփոփող սիրոյ եւ նուիրուածութեան վկայարան։