image

«Կ՚աջակցիմ Արտի Քասախեանին ...». Ամերիկահայ Մայք Սարեանի գրառումը

   «Կ՚աջակցիմ  Արտի  Քասախեանին ...». Ամերիկահայ Մայք Սարեանի գրառումը

Ամերիկահայ ազգային  բարերար,որ նաեւ  «Tonight with Mike Sarian» ծրագրի  մեկնաբանն է, օրերս անդրադարձած է Կլէնտէլի քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններուն, իր աջակցութիւնը յայտնելով Կլէնտէլի նախկին քաղաքապետ՝ Արտի (Արտաշէս) Քասախեանին։ 

Սարեան մասնաւորապէս  գրած է՝ 

 

Կլէնտէլի քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններուն ես կ՚աջակցիմ Արտի Քասախեանին։ Ան քաղաքին մէջ մեր իրաւունքներու իսկական պաշտպանն ու հասարակական անվտանգութեան եւ Կլէնտէլը մաքուր պահելու իսկական ջատագովն է։ Ան ամերիկահայերու իրաւունքներուն մեծ պաշտպանն է: Արտի Քասախեանը այսօր՝ «Tonight with Mike Sarian» հեռատեսիլի յայտագիրիս հիւրն  էր։ Ես անոր կ՚աջակցիմ եւ անոր պիտի քուէարկեմ: Պիտի խնդրեմ, որ միանաք ինծի ու Արտիին  աջակցիք: