Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու պրոնզեայ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան աշխարհի բաժակի մրցումներուն նուաճեց երկրորդ անընդմէջ ոսկեայ մետալը:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ընթացող աշխարհի բաժակի մրցումներու երկրորդ փուլին, առանձին գործիքներու յենացատկի վարժութեան եզրափակիչին, Արթուր Դաւթեան հաւաքեց 15.083 միաւոր եւ գրաւեց առաջին տեղը: Դաւթեան ոսկեայ մետալ նուաճած էր նաեւ գերմանական Քոտպուս քաղաքը կայացած աշխարհի բաժակի մրցումներու առաջին փուլին:
Նախօրէին Հայաստանի մարմնամարզութեան տղամարդոց ընտրանիի անդամներ Արթուր Աւետիսեան 4-րդն էր, իսկ Վահագն Դաւթեան` 8-րդը, Տոհայի աշխարհի բաժակի մրցումներու երկրորդ փուլի օղակներու վարժութեան: