image

Իսրայէլ կը շարունակէ սպանդները Կազայի մէջ. Վերջին հարուածներով զոհուած են 40-է աւելի պաղեստինցիներ

Իսրայէլ կը շարունակէ սպանդները Կազայի մէջ.  Վերջին հարուածներով զոհուած են   40-է  աւելի պաղեստինցիներ

Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Խան Եունիսի մէջ, պաղեստինցի փախստականներու ճամբարին վրայ Իսրայէլի օդուժի յարձակման հետեւանքով զոհուած է առնուազն 40 մարդ, վիրաւորուած՝ 60-ը։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ վկայակոչելով լիբանանեան Al Mayadeen հեռատեսիլային ալիքը։

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ պայթումի վայրի փլատակներու մաքրումը կը շարունակուի, զոհերուն թիւը կրնայ աճիլ։

Աւելի վաղ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարած էր պաղեստինեան արմատական «Համաս» շարժման խումբ մը բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ հարուածելու մասին: Անոնք գտնուած են Խան Եունիս մարդասիրական գօտիի կեդրոնը տեղակայուած շտաբը։