Թուրքիա-« Ընդհանուր իրավիճակը ներկայիս խաղաղ է եւ մենք կը շարունակենք գիշերային հերթապահութիւնը» «Արեւելք»ին այսօր յայտնեց «Նոր Զարթօնք» շարժումի անդամ ՝ Առնօ Գալայճի: Ան նշեց, որ կարեւոր Ճիգեր կը գործադրուին իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւն իրականցանելու համար: Գալայճի նաեւ ըսաւ, որ «Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Մարգար Եսայեան (AKP) շուրջ 3 ամիս առաջ փորձած էր խնդրին վերաբերեալ բանակցութիւններուն ճամբայ մը բանալ բայց 7 Յունիսի ընտրութիւններէն ետք այդ կապը կտրուեցաւ»: Գալայճի ըսաւ, որ «Գէմբ Արմէն»ի շուրջ իրավիճակը ներկայ պահու դրութեամբ կը մնայ խաղաղ եւ ապահով հակառակ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակներուն: Գալայճի նաեւ ըսաւ, որ իրենք պայքարը պիտի շարունակեն մինչեւ վերջ: Ան Արեւելք»ի ամպիոնէն կոչ ուղղեց ամբողջ հայութեան զօրակցելու «Գէմբ Արմէն»ի պայքարին: