image

Այսօր Փարիզի մէջ պիտի կայանայ եւրոպացի առաջնորդներու հանդիպումը՝ ռուս-ուքրանական կարգաւորման հարցով

Այսօր Փարիզի մէջ պիտի կայանայ եւրոպացի առաջնորդներու հանդիպումը՝ ռուս-ուքրանական կարգաւորման հարցով

Փետրուար 17-ին Փարիզի մէջ պիտի կայանայ եւրոպացի առաջնորդներու հանդիպումը, որու շրջածիրէն ներս պիտի քննարկուի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հնարաւոր խաղաղութեան համաձայնագիրը։

Եւրոպական պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները մտադիր են երկուշաբթի Փարիզի մէջ քննարկել ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ ուքրանական պատերազմին վերջ դնելու ծրագրերը։ Այս մասին գրած է Bild-ը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրով կազմակերպուած հանդիպման կայացումը հաստատած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Պարրոն France Inter ռատիոյին տուած հարցազրոյցին։

Յիշեցնենք, որ 17 փետրուարին Սէուտական Արաբիոյ մէջ կը սպասուին ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններ՝ ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը դադրեցնելու ուղիներ գտնելու նպատակով: