image

Ուքրանիոյ հարցով կարեւոր ժողով՝ Փարիզի մէջ

Ուքրանիոյ հարցով կարեւոր ժողով՝ Փարիզի մէջ

Եւրոպական առաջնորդները Փարիզի մէջ արտակարգ գագաթնաժողով կայացուցած են՝ քննարկելու, թէ ինչ պէտք է ընեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի՝ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններն առանց եւրոպական մասնակցութեան վարելու մտադրութեան հետ կապուած։ Հանդիպումէն ետք յստակ որոշումներ չեն յայտարարուած, սակայն Եւրոպական Միութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ն յայտարարած են պաշտպանութեան ոլորտի մէջ աւելի շատ ներդրումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ Քիեւին անվտանգութեան յուսալի երաշխիքներ տրամադրելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս մասին գրած է BBC-ն:

Բանակցութիւններուն մասնակցած են Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Դանիայի, Լեհաստանի, Հոլանտայի , ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոմիութեան ղեկավարները։

«Եւրոպան պատրաստ է եւ կ՚ուզէ քայլ առաջ ընել Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրման հարցով: Մենք պատրաստ ենք շատ աւելի մեծ գումարներ ներդնելու մեր անվտանգութեան համար։ Մանրամասնութիւնները դեռ պէտք է ճշդուին, բայց պարտաւորութիւնները պարզ են»,- գրած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն X-ի էջին։

«Մենք կը ձգտինք Ուքրանիոյ մէջ տեւական եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման։ Ատոր համար Ռուսիան պէտք է դադրեցնէ իր յարձակումը, եւ այդ պէտք է ուղեկցուի ուքրանացիներու համար անվտանգութեան ամուր եւ յուսալի երաշխիքներով։ Հակառակ պարագային վտանգ կայ, որ այս զինադադարը կ՚աւարտի այնպէս, ինչպէս մինսքեան պայմանաւորուածութիւնները»,- աւելցուցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին իր հերթին յայտնած է, որ գագաթնաժողովէն ետք խօսած է Մաքրոնի հետ։

«Մենք խօսեցանք համաշխարհային իրավիճակի, Եւրոպայի մէջ տիրող իրավիճակի եւ, մասնաւորապէս, Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մասին։ Մենք ունինք ընդհանուր տեսլական՝ պէտք է ըլլան յուսալի, ամուր անվտանգութեան երաշխիքներ։ Առանց նման երաշխիքներու որեւէ այլ լուծում, ինչպիսին է փխրուն զինադադարը, պիտի ըլլայ միայն ռուսական հերթական խաբէութիւնը եւ նախերգանք Ուքրանիոյ կամ այլ եւրոպական երկիրներու դէմ ռուսական նոր պատերազմի համար»,- գրած է ան հեռագրին մէջ։

Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը Փարիզի մէջ կայացած գագաթնաժողովէն ետք ըսած է, որ յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ քննարկելու «երկարաժամկէտ խաղաղութեան հիմնական տարրերը»:

Ան ընդգծած է, որ որեւէ խաղաղ համաձայնագիր պէտք է երաշխաւորուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ։ «Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան երաշխիքները Ռուսիան Ուքրանիոյ վրայ հերթական յարձակումէն ետ պահելու միակ արդիւնաւէտ միջոցն են»,- ըսած է Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետը։

Սթարմըրը նաեւ կրկնած է, որ պիտի քննարկէ Ուքրանիա բրիտանական զօրքեր տեղակայելու հարցը, եթէ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիր ձեռք բերուի:

Ինչպէս նախօրէին գրած էր Financial Times-ը, Փարիզի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ որոշ եւրոպական առաջնորդներ (առաջին հերթին Գերմանիան, Լեհաստանը եւ Սպանիան) յայտարարած են Ուքրանիա խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու դժկամութեան մասին։ 

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարեսը յայտարարած է, որ «այժմ ոչ ոք կը դիտարկէ Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու հնարաւորութիւնը»։ Վարշաւան նոյնպէս պատրաստ չէ զօրքեր ուղարկելու Ուքրանիա, հաստատած է Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքը։

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը զգուշաւոր մնացած է Ուքրանիոյ մէջ զօրքերու տեղակայման հարցով՝ ըսելով, որ այս հարցի շուրջ բանավէճը վաղաժամ է, նշած է Financial Times-ը։ Շոլցը կրկնած է Ուքրանիոյ աջակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք կ՚ողջունենք խաղաղ համաձայնագրի մասին խօսակցութիւնները, բայց մեզի համար պարզ է, որ այդ չի կրնար ըլլալ թելադրանքի տեսքով», -ըսած է Շոլցը: