«7 Օգոստոսը, ոչ թէ ԱՍԱԼԱ- ի ծննդեան օրն է այլ զինեալ ազատագրական պայքարի ընթացքին զոհուած բոլոր նահատակներուն յարգանքի օրը, որոնց մէջ նաեւ Լիզպոնի տղոց յիշատակի օրը»: «Արեւելք»ին ըսաւ «Հայ Ժողովրդական Շարժում»ի հիմնադիրներէն, հրապարակախօս ՝ Գէորգ Եազըճեան: Եազըճեան պատասխանելով մեր հարցումին, որ արդեօ՞ք զինեալ պայքարի հանդէպ այսօր մեր ժողովուրդին մօտ հաւատք կայ պատասխանեց ՝ «Դժբախտաբար ոչ եւ այսօրուան դրութեամբ նոյնիսկ Հայաստանի ժողովուրդին մօտ այդ ըմբռնումը շատ թոյլ է»: Խօսելով սփիւռքի մասին Եազըճեան նոյնպէս նկատեց, որ սփիւռքի մէջ եւս զինեալ պայքարի գաղափարը մեծամասնութեան համար կը սեպուի ժամանակավրէպ եւ այդ ուղղութեամբ կը մտածեն միայն քիչ թիւով երիտասարդներ: Ըստ Եազըճեանի այս մօտեցումները պայմանաւորուած են Հայ ժողովուրդի անկախ պետականութիւն ունենալով եւ միջագային հանրութեան մօտ զինեալ բոլոր տեսակի մարտնչումները ահաբեկչութիւն համարելու միտումներով: Եազըճեանի կարծիքով, բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ առանց զինեալ պայքարի, որեւէ թիզ հող չ'ազատագրուիր»: Եազըճեան նաեւ յիշեցուց, որ « 7 Օգոստոսը նորագոյն զինեալ ազատագրական պայքարի նահատակներու օրն է, իսկ ԱԱԱԼԱ-ի («Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ» Խմբ.՝ «Արեւելք») ծննդեան օրը Յունուար 20-ն է: Իմ համար 7 Օգոստոսը առիթ է յարգելու ոչ միայն ԱՍԱԼԱ-ի նահատակներուն յիշատակը, այլ բոլոր անոնց, որոնք այդ ճամբուն վրայ զոհուեցան, ինչ անունով ալ որ գործեցին անոնք, ներառեալ Լիզպոնի տղաքը: Ես անձնապէս կը խոնարհիմ բոլորին յիշատակին առջեւ»: Պատասխանելով մեր հարցումին, որ ինչպէս կը վերաբերերի վերջերս մէկէ աւելի առիթներով եւ ԱՍԱԼԱ-ի անունով հրապարակուած յայտարարութիւններուն եւ հաղորդագրութիւններուն Եազըճեան ըսաւ,- «Ես վերապահութեամբ կը մօտենամ այդ յայտարարութիւններուն, որովհետեւ հիմա համացանցի առկայ միջոցները օգտագործելով կարելի է այդ տիպի յայտարարութիւններ տարածելը: Ես շատ լուրջ չեմ վերաբերիր այնքան ատեն, որ այդ յայտարարութիւնները չեն ուղեկցուիր ուղղակի արարքներով կամ գետնի վրայ առնուած քայլերով»: Ներկայ հանգրուանին եւ մօտիկ անցեալին միջեւ համեմատութիւն մը ընելով Եազըճեան նաեւ յիշեցուց, որ անցեալին հրապարակուած իւրաքանչիւր յայտարարութիւն կ'ուղեկցուէր գործողութեամբ մը, որն արդէն լրջութեամբ կ'ընդունուէր բոլորին կողմէ: Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ արդեօ՞ք ԱՍԱԼԱ-ն կը գործէ այսօր Եազըճեան ըսաւ,- «Որպէս գաղափար ա՛յո , որովհետեւ ծրագրին մէջ նշուած է, որ ան պիտի գործէ (գործը նաեւ ռազմական գործողութիւններն ն, որոնք այս պահուն գոյութիւն չունին) կամ գոյատեւէ այնքան ժամանակ, որ Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրութեան եւ առհասարակ հայկական հողերու ազատագրութեան հարցը կայ:» Եազըճեան խօսելով Հայ Դատ հասկացողութեան մասին նաեւ նկատել տուաւ, որ իր համար Հայ Դատը ամէնէն առաջ հողային հարց է: Ան այս առումով ըսաւ «հատուցման հարցը, դրամ տալը, ցեղասպանութիւն ճանչնալը ինծի համար երկրորդական հարցեր են, նոյնիսկ 100-րդական: Իմ նման մտածողներուն համար Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան հարցը գերխնդիր է ու այդ մէկը կարմիր թելի նման կ'երեւայ ԱՍԱԼԱ-ի պատմութեան մէջ»: Յիշեցնենք, որ Հայաստան հաստատուած Գէորգ Եազըճեան երկար տարիներ խմբագրած է ԱՍԱԼԱ-ի քաղաքական թեւին ՝ ՀԺՇ-ի «Սփիւռք» պարբերականը (Պէյրութ):