Սուրիական բանակի ստորաբաժանումները հակայարձակում սկսած են «Ճապհէթ ալ-Նուսրա» ծայրայեղական խմբաւորման զինեալներու դիրքերու ուղղութեամբ, որոնք աւելի քան 20 բնակավայր գրաւած են Հալէպ քաղաքէն դէպի հիւսիս եւ արեւմուտք։ Հակայարձակում սկսած է նաեւ Իտլիպի մէջ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին յայտնած է Al Mayadeen-ը։
Ըստ լրատուամիջոցի տեղեկատւութեան՝ կառավարական ուժերը իրականացուած գործողութեան ընթացքին ազատագրած են Պաքում քաղաքը։ Աւելի վաղ Հալէպ տեղափոխուած են օգնական ուժեր Սուրիոյ այլ շրջաններէ։ Փակուած է երթեւեկութիւնը Դամասկոսն ու Հալէպը կապող M-5 միջազգային մայրուղիով՝ զինուած յարձակումներու սպառնալիքի պատճառով։
«Ճապհէթ ալ-Նուսրա»-ի եւ անոր դաշնակից արմատական խմբաւորումներու զինեալները նոյեմբեր 27-ի դաւադիր յարձակման ընթացքին վտանգաւոր հեռաւորութեամբ մօտեցած են Հալէպին եւ գրաւած քանի մը նպաստաւոր դիրքեր քաղաքէն 7-10 քմ հեռաւորութեան վրայ։
Հալէպի մերձակայքը՝ ռազմաճակատի քանի մը հատուածներու մէջ, կառավարական ուժերը յաջողած են զսպել հակառակորդի յառաջխաղացումը, ան կորուստներ կրած է, սպանուած է քանի մը հարիւր զինեալ:
Al Mayadeen-ը նաեւ հաղորդած է, որ սուրիական բանակը ետ կը մղէ զինեալներու յարձակումն Իտլիպի մէջ։ Ըստ հրապարակման՝ բանակը կանգնեցուցած է «Ճապհաթ ալ-Նուսրա»-ի եւ անոր դաշնակիցներու յառաջխաղացումը Իտլիպի հարաւ-արեւելեան ճակատին վրայ եւ հակայարձակում սկսած է՝ փորձելով ետ գրաւել զինեալներու գրաւած դիրքերը։