Հնդկաստանի կողմէ Փաքիստանի մէջ գտնուող ինը թիրախներուն հասցուած 24 հրթիռային հարուածներու հետեւանքով զոհուած է շուրջ 70 զինեալ: Այս մասին հաղորդած է հնդկական NDTV հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով կառավարութեան մէջ իր աղբիւրներուն։
«Աւելի քան 60 ահաբեկիչ վիրաւորուած է ինը թիրախներու մէջ», -աւելցուցած է NDTV-ն։
Հաղորդուած է, որ թիրախաւորուած կառոյցներն ահաբեկչական գործունէութեան կեդրոն կը հանդիսանային, եւ ճշգրիտ հարուածներու միջոցով թիրախաւորուած են «Լաշքար է Թայպա» եւ «Ճաիշ է Մոհամմատ» ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կապուած ճամբարները։
«Աղբիւրները հաղորդած են, որ հակահարուածը զգալիօրէն վատթարացուցած է այս ահաբեկչական խմբաւորումներու գործառնական հնարաւորութիւնները», - նշած է լրատուամիջոցը։
«Սինտուր գործողութիւնը», ինչպէս Հնդկաստանը կ՚անուանէ Փաքիստանի վրայ հարուածները, երկրի պատասխանն է ապրիլ 22-ին Փահալկամի մէջ 26 մարդու կեանք խլած ահաբեկչական յարձակման, որու մէջ Նիւ Տելին կը մեղադրէ Իսլամապատը։
Փաքիստանի մէջ Հնդկաստանի հարուածներէն զոհուած է 26 քաղաքացիական անձ, վիրաւորուած՝ 46-ը, իսկ Հնդկաստանի մէջ Փաքիստանի պատասխան հարուածներէն զոհուած է 10 խաղաղ բնակիչ, վիրաւորուած՝ 48-ը։