image

Առաջնորդներու սպանութիւնները լուծո՞ւմ են

Առաջնորդներու սպանութիւնները լուծո՞ւմ են

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը անցեալ ամիս «Տը Քոնվըրզէյշըն»-ը եւ «Թեհրան Թայմզ»-ը  յօդուածներ հրապարակած էին քաղաքական եւ դիմադրութեան  ղեկավարներու սպանութիւններու մասին: Երբ կը պատրաստէինք այդ նիւթերը, պատահեցաւ այն, որուն աշխարհը ականատես եղաւ անցեալ շաբաթ եւ, ըստ սովորութեան, լռեց… Կը ներկայացնենք առաջին յօդուածը:

Ն.

Քաղաքական սպանութիւնները միայն ամերիկեան խնդիր չեն, անոնք չափազանց յաճախակի եղած են պատմութեան ընթացքին:

Երբ  Յուլիոս Կեսար դաշունահարուած կը մահանար`  շուրթերուն «Դո՞ւն ալ, Բրուտոս» բառերը, քաղաքական սպանութիւնները արդէն սովորական երեւոյթ էին:

Բայց արդեօ՞ք անոնք աւելի հազուադէպ դարձած են ներկայ ժամանակներուն մէջ: Արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տ. Թրամփի մահափորձը արտասովոր իրադարձութիւն էր ժամանակակից ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ: Կարճ պատասխանն է` ո՛չ:

Միացեալ Նահանգներ անշուշտ ունին սպանութիւններու եւ մահափորձերու երկար պատմութիւններ, որոնք կը ներառեն Ճոն Քենետին եւ անոր եղբայրը` Ռոպերթ Քենետին, Մարթին Լութեր Քինկ Կրտսերը եւ Ռոնալտ Ռիկընը:

Բայց սպանութիւնները համեմատաբար տարածուած են նաեւ Միացեալ Նահանգներէն դուրս: Միայն հազուադէպօրէն անոնք կը բերեն այն արմատական փոփոխութիւններուն, զորս կը ցանկայ մարդասպանը:

 

Ի՞նչ բան քաղաքական սպանութիւն կը նկատուի

Սպանութիւնը ականաւոր, հզօր անհատի, մասնաւորապէս քաղաքական գործիչի ոչնչացումն է:

Հազուադէպ պատահական յարձակումները, սպանութիւնները բողոքի ծայրայեղ ձեւեր են` հիմնուած այն ենթադրութեան վրայ, թէ անձի մը հեռացումը կը փոխէ քաղաքական դաշտը:

Ոչ բոլոր քաղաքական սպանութիւնները սպանութիւն են:

Պետութիւնները յաճախ կը պատուիրեն արտադատական նպատակային սպանութիւններ, որոնք ցաւօք կ՛աճին:

Վլատիմիր Փութինի Ռուսիոյ մէջ պետութիւնը կազմակերպած է մեծ թիւով մահացու թունաւորումներ, կրակոցներ, օդանաւային արկածներ եւ պաշտօնազրկումներ:

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն վերջերս մեղադրած է Հնդկաստանը` Քանատայի մէջ սիխ անջատողականին հարուածելու հրաման տալու համար:

Լրագրող Ժամալ Խաշոքճին սպաննուած է Պոլսոյ` Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան մէջ, մահապատիժ մը, որ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւնները կը պնդեն, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը համաձայնութիւն տուած է:

Միացեալ Նահանգներ, իրենց կարգին, բազմիցս օգտագործած են արտադատական նպատակային սպանութիւններ` բարձրաստիճան թիրախներու դէմ, ինչպիսին է սեպտեմբեր 11-ի կազմակերպիչ Ուսամա Պըն Լատենը:

Իսրայէլ նաեւ պարբերաբար մահաբեր բռնութիւն կիրարկած է իր սահմաններէն դուրս գտնուող թիրախներու դէմ:

Սպանութիւնները, սակայն, յաճախ կը դիտուին որպէս «ոչ պաշտօնական» բռնութեան գործողութիւններ, որոնք իրականացուցած են պետութեան կառոյցներէն դուրս գտնուող անձեր: Սովորաբար` իրականացուող անհատներու կողմէ, որոնք դէմ են քաղաքական առաջնորդներու որդեգրած ուղղութեան, սպանութիւնները կը մերժեն այն գաղափարը, որ պետութիւնները առանձին իրաւունք ունին օգտագործելու կամ թոյլատրելու ֆիզիքական ուժ:

Այս յաճախ կը կոչուի «բռնութեան պետական մենաշնորհ»:

 

Քաղաքական սպանութեան եղափոխութիւնը

20-րդ դարէն առաջ Եւրոպայի հզօր միապետութիւններու ծաղկումի շրջանին, յեղափոխական խումբերը կը գործադրէին սպանութիւններ` ժողովուրդին հասկցնելու համար, որ հակառակ իրենց ամբողջ իշխանութեան` այդ օրուան կառավարիչները նոյնպէս մահկանացու էին:

Ըստ պատմաբանի մը, 1800-ականներու վերջաւորութեան յեղափոխականները փորձած են սպաննել Եւրոպայի գրեթէ բոլոր գլխաւոր կառավարիչները եւ պետութեան ղեկավարները:

Շարք մը անիշխանականներ «գործով քարոզչութիւն» անուանած են Ալեքսանտր Բ. ցարի սպանութիւնը` ռուսական յեղափոխական «Ժողովրդական կամք» խմբաւորման կողմէ, 1881 թուականին:

Անոնց իտալացի ընկերները այնուհետեւ սպաննեցին Աւստրօ-Հունգարական կայսրութեան կայսրուհի Էլիզապէթը, 1898 թուականին:

Ֆերտինանտ եւ անոր կինը Սարայեւոյի մէջ 1914 թուականի յունիսին, անոնց սպանութենէն կարճ ժամանակ առաջ

Ժամանակի միւս մարդասպանները ջերմեռանդ ազգայնականներ էին: Անոնցմէ ամէնէն յայտնին սերպ Կաւրիօ Պրինցիպն էր, որ սպաննեց Հապսպուրկի դուքս Ֆրանց Ֆերտինանտը: Այս ոճիրը յանգեցուց Ա. Համաշխարհային պատերազմին:

Պատերազմէն ետք Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ ֆաշական եւ անոնց կողմնակից պարագլուխները նոյնպէս, որպէս իրենց ահաբեկչութեան մաս, օգտագործեցին քաղաքական սպանութիւնները:

Ընկերվարականներ Ռոզա Լիւքսեմպուրկ եւ Քարլ Լիպկնեխտ  սպաննուած են աջակողմեան պարագլուխներու կողմէ` Պերլինի մէջ, 1919 թուականին:

Նախքան Իտալիոյ ամբողջովին սահիլը ֆաշական բռնապետութեան մէջ, յայտնի ընկերվարական Ճաքոմօ Մաթէոտտին սպաննեցին Պենիթօ Մուսոլինիի յիմարները, Հռոմի մէջ:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ դիմադրութեան խումբերը նաեւ սպանութիւններ գործադրեցին նացիականներու դէմ: Պատերազմին յաջորդած տասնամեակներուն մէջ ծայրայեղ ձախ յեղափոխական խումբերը սկսան խանդավառ ձեւով իրականացնել սպանութիւններու քաղաքական մարտավարութիւնը:

Գերմանիոյ մէջ Կարմիր բանակի խմբակներ 1970-ականներէն մինչեւ 1990-ական թուականներուն սպաննեց մեծահարուստներ, քաղաքական գործիչներ եւ այլք, յեղափոխութիւն հրահրելու յոյսով:

Նման խմբակ մը Իտալիոյ մէջ` Կարմիր ջոկատներ անունով, սպաննած է վարչապետ Ալտօ Մորոն, 1978 թուականին:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Սառա Ճէյն Մուր նոյնպէս փորձեց յեղափոխութիւն հրահրել նախագահ Ճերալտ Ֆորտը սպաննելու իր փորձով, 1975 թուականին, երբ միայն երկու շաբաթ առաջ Մենսոնի ընտանիքի անդամ Լինեթ Ֆրոմ փորձած էր նոյն բանը ընել:

Լինեթ Ֆրոմ դատարանէն դուրս, 1975 թ.

Սպաննել ազգին համար

Մինչ այս յեղափոխականները բռնութեան կը դիմէին իրենց նպատակներուն հասնելու համար` ծայրայեղ ազգայնականներու կողմէ սպանութիւնները նոյնպէս կը շարունակուին անխափան:

Հնդկաստան Բրիտանիայէն անկախութիւն ձեռք բերելէ միայն քանի մը ամիս ետք, դիմադրութեան առաջնորդ Մահաթմա Կանտին սպաննուեցաւ հինտու ծայրայեղականի մը կողմէ, որ կը կարծէր, թէ Կանտին նպաստած է իսլամ-հինտու միասնականութեան:

Հնդկաստանի մէջ յաջորդած են աւելի բարձրակարգ քաղաքական սպանութիւններ

– Վարչապետ Ինտիրա Կանտին, որ սպաննուած է իր սիխ թիկնապահներուն կողմէ, 1984 թուականին, երբ ան հրամայեց ռազմական գործողութիւններ սկսիլ սիխ անջատողականներու դէմ:

– Անոր տղան` Ռաճիւ Կանտին, նախկին վարչապետ, որ սպաննուած է 1991 թուականին նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ «Թամիլական վագր» շարժումի անդամի մը ահաբեկչական անձնասպանական գործողութեան հետեւանքով, անջատողական շարժումին եւ Հնդկաստանի կառավարութեան միջեւ յարաբերութիւններու սրումէն ետք:

2007 թուականին Փաքիստանի նախկին վարչապետ Պենազիր Պութոն փրկուեցաւ առաջին մահափորձէն (ռումբի մը պայթում, որ խլեց 180 մարդու կեանք), իսկ երկրորդին սպաննուեցաւ: Սպանութեան պատճառները կը մնան մշուշոտ: Ոմանք կը կարծեն, թէ ան թիրախ դարձած է իսլամականներու կողմէ, որոնք զայրացած են Արեւմուտքի հետ անոր մտերմութենէն: Միւսները կը կարծեն, թէ այն ժամանակուան նախագահ Փերուեզ Մուշշարաֆ կ՛ուզէր ազատիլ անյարմար մրցակիցէն: Աւելի ուշ Մուշշարաֆը մեղադրեցին անոր սպանութեան համար: Մուշշարաֆ կը հերքէ որեւէ պատասխանատուութիւն:

Այլ տեղ մը ծայրայեղ ազգայնականութիւնը դրդապատճառն էր 1995 թուականին աջակողմեան սիոնականի մը կողմէ Իսրայէլի վարչապետ Իցհակ Ռապինի սպանութեան: Ռապին սպաննուեցաւ (ինչպէս` իրմէ առաջ եգիպտացի Անուար Սատաթ), փորձելով շարժիլ դէպի խաղաղութեան  համաձայնագիր, Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներու միջեւ: Անոր սպանութիւնը ժամանակակից Միջին Արեւելքի ձեւաւորման վրայ ունեցած ազդեցութեան պատճառով ոմանք այդ անուանած են «պատմութեան մէջ ամէնէն յաջող սպանութիւնը»:

Այսօր Ափրիկէի մէջ սպանութիւնները չափազանց տարածուած կը մնան: Զեկոյցի մը մէջ նշուած է, որ միայն 2019 եւ 2020 թուականներուն 185 սպանութիւն տեղի ունեցած է, հիմնականին մէջ` քաղաքական գործիչներու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ համայնքի ղեկավարներու եւ լրագրողներու: Կ՛ենթադրուի, թէ Ափրիկէի սպանութիւններուն 80 առ հարիւրը քաղաքական դրդապատճառներ ունի:

Լատինական Ամերիկան նոյնպէս յաճախ դաշտ կը դառնայ սպանութիւններու:

Վերջին տարիներուն Էքուատորի մէջ սպաննուած է փտածութեան դէմ պայքարող նախագահի թեկնածու Ֆերնանտօ Վիլեավիսենսիոն, ըստ երեւոյթին, այն գործիչներու կողմէ, որոնք առնչուած են թմրեցուցիչներու հզօր մաքսանենգներու: Եւ այն ժամանակ նախագահի թեկնածու Ժայիր Պոլսոնարօ դանակահարուեցաւ Պրազիլի մէջ հանրահաւաքի ժամանակ, որ ենթադրաբար օգնած է անոր յաղթելու 2018 թուականի ընտրութեան մէջ:

Ժայիր Պոլսոնարոն` 2018 թուականի սեպտեմբերին հանրահաւաքի ժամանակ դանակահարուելէ ետք:

Սպանութիւններ Արեւմուտքի մէջ

Սպանութիւնները նոյնպէս կը շարունակեն սովորական երեւոյթ մնալ ազատական ժողովրդարականներու շրջանակներուն մէջ` հակառակ ընդհանրապէս աւելի կայուն կառավարութիւններուն:

Պատճառները տարբեր են, թէեւ վերջին տարիներուն բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ յայտնուած են աջ ծայրայեղականներու թիրախին մէջ:

Ճափոնի մէջ Սինծօ Ապէ սպաննուած է 2022 թուականին զինեալ անձի մը կողմէ, որ ոխ ունէր եկեղեցիին դէմ. ան կը կարծէր, որ նախկին վարչապետը կ՛աջակցէր եկեղեցիին:

Գերմանիոյ մէջ պահպանողական քաղաքական գործիչ Վալտեր Լիւպկեն սպաննուած է 2019 թուականին` աջ ծայրայեղականի մը կողմէ, որ դաժանօրէն դէմ էր անոր գաղթի քաղաքականութեան:

2016 թուականին բրիտանացի պատգամաւոր Ճօ Քոքսի սպանութեան ետին կանգնած էր նաեւ աջ ծայրայեղականը:

Այս տարուան սկիզբը Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիքոն ծանր վիրաւորուած էր աջակողմեան խմբաւորումներու հետ կապ ունեցող զինեալի մը կողմէ:

Ընդհակառակը, այդ ծայրայեղ աջ քաղաքական գործիչ Պիմ Ֆորտիւնն էր, որ սպաննուեցաւ Նետերլանտներու մէջ անձի մը կողմէ, որ զայրացած էր այն բանէն, թէ ինչպէ՛ս Ֆորտիւն քաւութեան նոխազ կը դարձնէր նետերլանտցի իսլամները` քաղաքական նպատակներով:

 

Սպանութիւնները կ՛աւարտի՞ն

Քանի տակաւին քաղաքական գործընթացէն դուրս դժգոհ մարդիկ կը զգան, որ բան մը կարելի է ձեռք բերել ականաւոր անհատի սպանութեամբ, սպանութիւնները կը շարունակեն մնալ քաղաքական դաշտի ահաւոր մասը:

Պետութեան կողմէ արտօնուած արտադատական սպանութիւնները հաւանաբար նոյնպէս կը շարունակուին:

Բայց, ինչպէս հասկցան 20-րդ դարասկիզբի ռումբ նետող անիշխանականները, առանձին քաղաքական գործիչի սպանութիւնը հազուադէպօրէն կը բերէ իրենց ցանկացած համատարած փոփոխութեան:

Անկարելի է սպաննել` համակարգ մը, կառոյց մը, շարժում մը կամ գաղափար մը:

Իրական քաղաքական փոփոխութիւնը կը պահանջէ ներգրաւման աւելի բարդ ձեւեր, քան` մարդասպանի գնդակը:

«Տը Քոնվըրզէյշըն»

Պատրաստեց՝ Նարէ Գալեմքէրեան
«Ազդակ»