image

ԱՄՆ նախագահը նեցուկ ցոյց կու տայ միասեռականներուն

ԱՄՆ նախագահը նեցուկ ցոյց կու տայ միասեռականներուն

 

ԱՄՆ նախագահ, կաթոլիկ Ճօ Պայտընը կը շարունակէ կողմ հանդէս գալ միասեռ ամուսնութիւններուն՝ անկախ այն հանգամանքէն, որ Վատիկանը հրաժարած է օրհնել նման ամուսնութիւնները: «ԹԱՍՍ» գործակալութեան փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճէն Փսաքին:

Երկուշաբթի կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ անոր խնդրած են մեկնաբանել երկրի ղեկավարի վերաբերմունքը Վատիկանի որոշման, ինչին ի պատասխան Փսաքին ըսած է. «Չեմ կարծեր, որ Պայտընէն որեւէ անձնական պատասխան կ'ըլլայ Վատիկանին: Ոչ: Ան կը շարունակէ աջակցիլ միասեռ կ'ապերուն»:

Աւելի վաղ կը հաղորդուէր, որ Վատիկանը յայտնած է, որ միասեռականներու միութիւնները չեն կրնար օրհնուիլ քահանաներու եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միւս սպասաւորներու կողմէ: Յայտարարութիւնը հնչած է ի պատասխան որոշ երկրներու փորձի, ինչպէս օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու ու Գերմանիոյ, ուր միասեռ միութիւնները գրանցուելու փոխարէն կ'օրհնուին եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու կողմէ: