Նկատի ուննելով Սուրիոյ մէջ ելեկտրական հոսանքի սահմանափակ մատակարարումը, ՍՕԽաչի Շրջ. վարչութիւնը, այս տարի եւս նախաձեռնած է «Լոյս Մը» ծրագրին, արեգակնային համակարգով գործող լուսատու սարքեր բաշխելով եւ այդպիսով ունեցուկ կանգնելով պետական քննութեան ներկայացող հայ աշակերտին, իր ուսման պատասխանատու շրջանը աւարտելու հեզասահօրէն:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Նկատի առնելով երկրիս մէջ ելեքտրական հոսանքի սահմանափակ մատակարարումը, ՍՕԽաչի Շրջ. վարչութիւնը, նման նախորդ տարուան նախաձեռնեց «Լոյս Մը» ծրագրին, որպէսզի այս ծրագրի ընդմէջէն նեցուկ կանգնի պետական քննութեան ներկայացող հայ աշակերտին, իր ուսման այս պատասխանատու շրջանը աւարտելու հեզասահօրէն:
Սոյն ծրագիրը այս տարի եւս իրականացաւ շնորհիւ ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի միաւորի ներդրումին:
Արդարեւ՝ Հինգշաբթի, 30 Հոկտ. 2025-ին, Կեդրոնիս «Գ.Համալեան» սրահէն ներս կատարուեցաւ բաշխումը արեգակնային համակարգով գործող լուսատու սարքերու, ՔԵԱՃեմարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտութեանց ձեռամբ՝ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, ներկայութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, ՔԵԱՃեմարանի Տնօրէնութեան, դաստիարակներուն եւ կազմիս ընկերուհիներու:
Կազմիս ատենապետ ընկհ. Զեփիւռ Գէորգեան խօսք առնելով անդրադարձաւ թէ՝ սոյն ծրագիրը կու գայ պարտաւորեցնելու իւրաքանչիւր աշակերտի, որպէսզի իր կարելին ի գործ դնելով ձեռք բերէ լաւագոյն արդիւնքներ. ապա հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, փոխանցելու իր հայրական խրատներն ու օրհնութիւնը, որպէսզի իր աղօթքները լոյս տարածեն մեր աշակերտներու սրտերուն եւ մտքերուն մէջ եւ առաջնորդեն զանոնք դէպի գիտութիւն, բարութիւն եւ յաջողութիւն:
Այս առթիւ Սրբազան հայրը քաջալերեց աշակերտները եւ խրախուսեց զանոնք բծախնդրութեամբ դասաւորելու իրենց առաջնահերթութիւնները եւ ճշտապահութեամբ հետեւելու իրենց դասերուն, որպէսզի փայլուն արդիւնքներ ապահովելով իւրաքանչիւրը իր լուման բերէ մեր ազգի, եկեղեցւոյ, հայրենիքի ու համայնքի գանձանակին:
Սրբազան Հայրը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ երիտասարդ սերունդը պէտք է հետաքրքրուի թեմական միութիւններով, իրազեկ դառնայ անոնց կատարած ծառայութիւններուն եւ երախտապարտ ըլլայ իւրաքանչիւրին, որ հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն մտայղացումը կ'ունենան նախաձեռնելու նման ծրագիրներ:
Շնորհակալութիւն ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Միաւորի ընկերուհիներուն. այս ներդրումը մեծապէս պիտի նպաստէ մեր ծրագրի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ նոր սերունդի պայծառ ապագայ կերտելու ճիգերուն։