Մոհամմատ Էմուազի, որ յայտնի է «Ժիհատիստ Ճոն» անունով ամերիկեան ուժերուն կողմէ սպաննուած է Ռաքքայի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է բրիտանական «Տը Ինտիբէնտընթ» պարբերականին կողմէ: Նշենք, որ բրիտանացի նախկին րաբըրը երեւցած է Տահէշի մարդասպանական տասնեակ տեսերիզներու մէջ եւ յայտնի է «Ոճրագործ Ճոն» ծածկանունով: