Իսրայէլցի զինուորները ծպտուած կերպով, իսլամ կանանց եւ բուժաշխատողներու պէս հագած, մաս մըն ալ՝ կեղծ մօրուքներով, ներխուժած են Արեւմտեան ափին գտնուող հիւանդանոց, այնտեղ սպանած են երեք պաղեստինցի, որոնք կը մեղադրուէին իսրայէլցիներու վրայ յարձակում ծրագրելու համար:
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զինուորները հիւանդանոց մտած են 30 յունուարի առաւօտեան՝ գնդակահարելով ՀԱՄԱՍ-ի հետ առնչութիւն ունեցող երեք մարդ:
Համացանցի մէջ յայտնուած են գաղտնի տեսահսկման տեսախցիկներու տեսագրութիւնները, որոնց մէջ կ՚երեւան տասնեակէ աւելի իսրայէլցի զինծառայողներ, այդ շարքին՝ երեքը կանացի հագուստով եւ երկուքը՝ բժշկական անձնակազմի հագուստով, որոնք ինքնաձիգներով առաջած են Ճենինի «Ըպն Սինա» հիւանդանոցի միջանցքով:
Իսրայէլի իշխանութիւնները հաստատած են այս գործողութիւնը, իսկ Իսրայէլի ոստիկանութեան նախարարը տեսանիւթը տարածած է ընկերային ցանցերու միջոցաւ: