Շուէտի մէջ սպանած են իրաքցի Սալուան Մոմիքան, որ 2023 թուականին սքանտինաւեան այդ երկրին մէջ քանի մը անգամ այրած է իսլամի սուրբ գիրքը՝ Քուրանը, առաջացնելով ազգային վէճեր եւ զայրոյթ իսլամական շարք մը երկիրներու մէջ, ուր սկսած են հակաշուէտական խռովութիւններ եւ անկարգութիւններ:
Դէպքը տեղի ունեցած է յունուար 29-ի ուշ երեկոյեան Սթոքհոլմի մօտակայքը գտնուող Սէոտերթելիէի մէջ:
Հարեւանները կրակոցներու ձայներ լսած են եւ ոստիկանութիւն կանչած։
Ոստիկանութենէն յայտնած են, որ բնակարանին մէջ յայտնաբերուած է մօտ 40 տարեկան տղամարդու դի։
Սպանութեան կասկածանքով ոստիկանութիւնը հինգ մարդ ձերբակալած է:
Սալուան Մոմիքան 2018-ին Իրաքէն մեկնած էր Շուէտ, ուր երեք տարուան կացութեան իրաւունք ստացած էր։ Ան հանրութեան յայտնի դարձած է 2023 թուականի ամռան, երբ քանի մը անգամ հրապարակաւ Քուրան այրած է։
Մոմիքան պնդած է, որ իր բողոքի արշաւները ուղղուած են ոչ թէ իսլամներու, այլ իսլամական կրօնի դէմ: Ան յայտարարած է, որ կ՚ուզէ պաշտպանել Շուէտի բնակչութիւնը Քուրանի ուղերձներէն։
Շուէտի ոստիկանութիւնը թոյլատրած է անոր արշաւները՝ վկայակոչելով խօսքի ազատութիւնը, միաժամանակ մեղադրանքներ առաջադրած է անոր դէմ։
Սալուան Մոմիքան եւ մէկ տղամարդ մեղադրուած են ազգամիջեան ատելութիւն հրահրելու համար՝ Քուրանի այրման հետ կապուած յայտարարութիւններու պատճառով: Գործով դատավճիռը պէտք է կայացուէր յունուար 30-ին։