Պալաշիխայի մէջ գնդակահարուած խոշոր հանրախանութի սեփականատէրը 60-ամեայ Նազիմ Ախմեդովն է, յայտնած է SHOT թելեկրամեան ալիքը։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները գրած են, որ սպաննուածը ազգութեամբ ատրպէյճանցի է։
Ըստ SHOT-ի տեղեկութեան, Ախմեդով 62 հազար ռուբլի պարտք ունէր, իսկ վերջին 10 տարուան ընթացքին 37 անգամ դատուած է, որպէս պատասխանող կողմ։
Հաղորդուած է, որ Ախմեդով վերջին 13 տարիներուն կառավարած է Սվերտլովի փողոցը գտնուող «Եունիս» խանութը։ Խանութի սեփականատէրը անոր կինն է։ 2014 թուականէն ի վեր Ախմեդովին 37 անգամ դատի տուած են։ Մեղադրանքները ներառած են, օրինակ, հեղինակային իրաւունքի խախտում՝ տարածքի ձեւաւորումը ապօրինի օգտագործելու համար, խանութի մատակարումներու համար ունեցած պարտքերը: Հայցերու մեծամասնութիւնը Ախմեդով պարտուած է։
Սպաննուածի հարազատներու վկայութեամբ, իրենք չեն գիտեր, թէ ինչը եղած է սպաննութեան պատուիրատուի դրդապատճառը եւ որոնք կրնային այդ ընել։
Աւելի վաղ աղբիւրը յայտնած էր, որ Պալաշիխայի մէջ դիմահար կրակոցով սպաննած են գործարարը։