image

Ամենափոքր դէպքին պատճառով ո՞ւր կ’երթաս իմ պոլսահայ եղբայր. Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս

Ամենափոքր դէպքին պատճառով ո՞ւր կ’երթաս իմ պոլսահայ եղբայր. Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան  կազմակերպած «Արի Տուն» ծրագրէն պոլսահայերու խումբին հեռանալու մասին «Արեւելք» զրուցեց  պոլսահայ լրագրող՝   Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսին հետ:

 

 

-Պրն.  Ռաֆֆի ի՞նչ է կարծիքդ «Արի Տուն» ծրագրէն պոլսահայերու հեռացման մասին:

 

-Տրուած ըլլալով, որ պատերազմի եւ ինչ-ինչ դժուարութիւններու մէջ յայտնուած երկիր է Հայաստանը եւ ինչ զոհողութիւններով սփիւռքահայերուն համար առիթ շնորհած է գալու այստեղ եւ մօտեն ծանօթանալու երկրին, ճիշդ կ'ըլլայ այս առիթի շուրջ ապերախտութեան աստիճանի, չափազանցութեան աստիճանի գացող արտայայտութիւններ եւ յայտարարութիւններ չընենք: Ես շատ կը նեղանամ այս տեսակ մօտեցումէն: Անձամբ գացի սփիւռքի նախարարութիւն եւ հոն տարբեր մարդոց հետ խորհրդակցեցայ, ետքը Հայաստան գտնուող տարբեր պոլսեցիներու հետ հանդիպեցայ  եւ եզրակացուցի, որ դոյլի մը մէջ կ’ուզենք փոթորիկ հանել:

Պարզ է, որ մեր սիրելի Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը աւելի զգոյշ հսկիչներ պէտք է տրամադրէ տուեալ ճամբարին համար:  Գիտենք Հայաստանի ընդհանուր աշխատանքային ռիթմը` դուն սպասէ, ես կու գամ… այս մօտեցումը միայն նախարարութեան մէջ չէ, այլ ընդհանուր երեւոյթ է: Երկրորդ, հսկիչները պէտք է քիչ մը աւելի բծախնդիր ըլլան եւ մօտէն հետեւին, նաեւ տուեալ քաղաքէն ըլլան: Ճիշդ է, որ նախարարութիւնը հաշտեցուցած է զանոնք, սակայն պոլսեցիները հաշտութեան ձեռք երկարած են, իսկ միւս կողմը ձեռքը չէ ընդունած: Երրորդը, Սփիւռքի նախարարութիւնը ճամբարի մասնակցելու արտօնութիւն տուած է ոչ միայն  խումբերու, այլ նաեւ անհատներու, իսկ անհատական ըլլալու պարագային պատասխանատու անձ չես գտներ: Օրինակ Ուքրանիայէն մասնակցողները ընդհանրապէս հայկական կազմակերպութեան մը անդամ չեն: Այսինքն այստեղ պատասխանատուութեան խնդիր կայ: Միւս կողմէն եղածը գնդասեղը «իմ մարմինս կը մտցնեմ»ի  պէս   բան մը դարձաւ: Որպէս պոլսահայ համայնքի անդամ, մերիներուն ըսած եմ, որ եղածը հասկնալի է, եւ աշխարհի զարգացած երկիրներուն մէջ նոյնպէս կը պատահին այսպիսի բաներ, յետոյ ճամբարին առաւելութիւնն է սա:  Ինչո՞ւ պէտք է ամենապզտիկ հարցէ մը նեղուիլ եւ հեռանալ: Ներողութիւն, կեանքի մէջ ամէն անգամ քեզի յարմար «առաջնորդող» չես կրնար գտնել, ամէն վայրկեան քեզի գրկաբաց ընդունող սրբազան մը չես կրնար գտնել: Սա միայն խնդալու եւ խաղալու տեղ մը չէ:  Աշխարհի շատ տարբեր մշակութային  աւանդութիւններէն եկող, բայց հայ եղող մարդոց հետ միասին գոյատեւելու, միասին ապրելու մշակոյթը ձեռք բերելու առիթ մըն է այս. ամենափոքր դէպքին պատճառով ո՞ւր կ’երթաս իմ պոլսահայ եղբայր: 

Ինչպէս որ ըսի, Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ թերութիւնները ունենալ, սակայն զգացի որ իրենց ձեռքէն ամէն բան դուրս եկած է: Մարդիկ, երբ Չուլճեան Սրբազանին մօտ երթալու իրենց ցանկութիւնը յայտնած են, նախարարութիւնը ողջունած է եւ հանրակառքեր տրամադրած է զիրենք տանելու: Մենք  յաճախ կը մոռնանք, որ պատերազմի մէջ գտնուող երկիր ենք: Իսկ  Սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքահայու մը սիրտը շահելու համար ձեռքէն եկած ամէն ինչ կ’ընէ: Հայ մարդը աշխարհի տարբեր կողմերէն եկող մարդու մը հետ ապրիլ պէտք է սորվի, պէտք է տաշուի, պէտք է կերտուի: 

Երկու կողմէն ալ սխալներ կային եւ կը յուսամ որ կողմերը կը հաշտուին, որովհետեւ այս հարցը երկարելը  անյարմար է եւ անտեղի: