ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն» ծրագրէն պոլսահայերու խումբին հեռանալու մասին «Արեւելք» զրուցեց պոլսահայ լրագրող՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսին հետ:
-Պրն. Ռաֆֆի ի՞նչ է կարծիքդ «Արի Տուն» ծրագրէն պոլսահայերու հեռացման մասին:
-Տրուած ըլլալով, որ պատերազմի եւ ինչ-ինչ դժուարութիւններու մէջ յայտնուած երկիր է Հայաստանը եւ ինչ զոհողութիւններով սփիւռքահայերուն համար առիթ շնորհած է գալու այստեղ եւ մօտեն ծանօթանալու երկրին, ճիշդ կ'ըլլայ այս առիթի շուրջ ապերախտութեան աստիճանի, չափազանցութեան աստիճանի գացող արտայայտութիւններ եւ յայտարարութիւններ չընենք: Ես շատ կը նեղանամ այս տեսակ մօտեցումէն: Անձամբ գացի սփիւռքի նախարարութիւն եւ հոն տարբեր մարդոց հետ խորհրդակցեցայ, ետքը Հայաստան գտնուող տարբեր պոլսեցիներու հետ հանդիպեցայ եւ եզրակացուցի, որ դոյլի մը մէջ կ’ուզենք փոթորիկ հանել:
Պարզ է, որ մեր սիրելի Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը աւելի զգոյշ հսկիչներ պէտք է տրամադրէ տուեալ ճամբարին համար: Գիտենք Հայաստանի ընդհանուր աշխատանքային ռիթմը` դուն սպասէ, ես կու գամ… այս մօտեցումը միայն նախարարութեան մէջ չէ, այլ ընդհանուր երեւոյթ է: Երկրորդ, հսկիչները պէտք է քիչ մը աւելի բծախնդիր ըլլան եւ մօտէն հետեւին, նաեւ տուեալ քաղաքէն ըլլան: Ճիշդ է, որ նախարարութիւնը հաշտեցուցած է զանոնք, սակայն պոլսեցիները հաշտութեան ձեռք երկարած են, իսկ միւս կողմը ձեռքը չէ ընդունած: Երրորդը, Սփիւռքի նախարարութիւնը ճամբարի մասնակցելու արտօնութիւն տուած է ոչ միայն խումբերու, այլ նաեւ անհատներու, իսկ անհատական ըլլալու պարագային պատասխանատու անձ չես գտներ: Օրինակ Ուքրանիայէն մասնակցողները ընդհանրապէս հայկական կազմակերպութեան մը անդամ չեն: Այսինքն այստեղ պատասխանատուութեան խնդիր կայ: Միւս կողմէն եղածը գնդասեղը «իմ մարմինս կը մտցնեմ»ի պէս բան մը դարձաւ: Որպէս պոլսահայ համայնքի անդամ, մերիներուն ըսած եմ, որ եղածը հասկնալի է, եւ աշխարհի զարգացած երկիրներուն մէջ նոյնպէս կը պատահին այսպիսի բաներ, յետոյ ճամբարին առաւելութիւնն է սա: Ինչո՞ւ պէտք է ամենապզտիկ հարցէ մը նեղուիլ եւ հեռանալ: Ներողութիւն, կեանքի մէջ ամէն անգամ քեզի յարմար «առաջնորդող» չես կրնար գտնել, ամէն վայրկեան քեզի գրկաբաց ընդունող սրբազան մը չես կրնար գտնել: Սա միայն խնդալու եւ խաղալու տեղ մը չէ: Աշխարհի շատ տարբեր մշակութային աւանդութիւններէն եկող, բայց հայ եղող մարդոց հետ միասին գոյատեւելու, միասին ապրելու մշակոյթը ձեռք բերելու առիթ մըն է այս. ամենափոքր դէպքին պատճառով ո՞ւր կ’երթաս իմ պոլսահայ եղբայր:
Ինչպէս որ ըսի, Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ թերութիւնները ունենալ, սակայն զգացի որ իրենց ձեռքէն ամէն բան դուրս եկած է: Մարդիկ, երբ Չուլճեան Սրբազանին մօտ երթալու իրենց ցանկութիւնը յայտնած են, նախարարութիւնը ողջունած է եւ հանրակառքեր տրամադրած է զիրենք տանելու: Մենք յաճախ կը մոռնանք, որ պատերազմի մէջ գտնուող երկիր ենք: Իսկ Սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքահայու մը սիրտը շահելու համար ձեռքէն եկած ամէն ինչ կ’ընէ: Հայ մարդը աշխարհի տարբեր կողմերէն եկող մարդու մը հետ ապրիլ պէտք է սորվի, պէտք է տաշուի, պէտք է կերտուի:
Երկու կողմէն ալ սխալներ կային եւ կը յուսամ որ կողմերը կը հաշտուին, որովհետեւ այս հարցը երկարելը անյարմար է եւ անտեղի: