image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահութեամբ Ամեն. Պատրիարք Հօր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապէ Տօնը՝ Գուզկունճուքի մէջ Հաւատքի եւ Ուխտի տօնախմբութիւն

 Նախագահութեամբ Ամեն. Պատրիարք Հօր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապէ Տօնը՝ Գուզկունճուքի մէջ Հաւատքի եւ Ուխտի տօնախմբութիւն

Պոլսոյ հայկական  համայնքի ամենապատմական շրջաններէն՝ Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին մեծ հանդիսաւորութեամբ նշեց իր անուան տօնախմբութիւնը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապէ տօնի առիթով։ Հաւատացեալներու, հոգեւորականաց եւ համայնքային պատասխանատուներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած սրբազան արարողութիւնները դարձան աղօթքի, հոգեւոր վերանորոգման եւ համայնքային համախմբման գեղեցիկ առիթ մը։

Մեր Հաւատքի Հօր՝ Ս. Գրիգր Լուսաւորչի Ելանելոյն ի Վարապէն Տօնը անուան տօնախմբութեան օրն է Գուզկունճուքի համանուն Եկեղեցւոյ: Այսպէս, 6 Յունիս 2026, Շաբաթ առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։

Արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան, Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա, Մասիս Քույումճուի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները եւ քաղաքի զանազան կողմերէ ուխտաւորաբար եկած հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագ, կիսասարկաւագ եւ ուրարակիրներ, ինչպէս նաեւ Գալֆաեան ուխտի միաբանուհիներ։ Երգեցողութիւնները կատարեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք միայն կրնան մարմինը մեռցնել, բայց չեն կրնար հոգին կործանել: Վախցէք անկէ, որ կրնայ հոգին կործանել» (Մատթէոս 10.28) բնաբանով: Նորին Ամենապատուութիւնը հանգամանօրէն խօսեցաւ Հայոց մեծագոյն Սուրբին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին ու անոր խոր վիրապէն ելլելուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Քրիստոնէութեան դարձին մասին: 

Մեր Հոգեւոր Պետը ապա յիշեցուց, որ այս օրը անուան տօնախմբութիւնն է Գուզկունճուքի մեր եկեղեցւոյ եւ շնորհաւորեց զայն: Շնորհաւորեց նաեւ բոլոր Գրիգորներու անուան տօնը եւ խնդրեց բարեխօսութիւնը Հայոց մեծ Սուրբին՝ Գրիգոր Լուսաւորչին:

Քարոզէն ետք Նորին Ամենապատուութիւնը ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Գալֆաեան ուխտի միաբան՝ Առաքինազարդ Քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեանին եւ օրհնեց զայն:

Յաւարտ Ս. Պատարագի պաշտօն կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ սատարողներու հոգւոցն ի հանգիստ եւ մատաղօրհնութիւն:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Սիրոյ սեղանը եւ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ: