image

Վերջնական համաձայնագիրը տակաւին պէտք է մշակուի. Իրանի նախագահ

Վերջնական համաձայնագիրը տակաւին պէտք է մշակուի. Իրանի նախագահ

Վերջնական համաձայնագիր դեռ չկայ, այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը։

«Ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կարեւոր քայլ է պատերազմի աւարտի եւ բանակցութիւններու մեկնարկի համար, սակայն վերջնական համաձայնագիրը դեռ պէտք է մշակուի։

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պատրաստ է բոլոր սենարներուն, եւ կառավարութիւնը, անկախ անկէ, թէ համաձայնութեան կը հասնի, թէ ոչ, կեդրոնացած է ժողովուրդին անկեղծօրէն ծառայելու վրայ։ Իրանի ժողովուրդը սորվեր է իր նահատակ իմամի դասը. նուաստացումը չի կրնար հանդուրժուիլ»,-գրած է ան։

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարած էր, որ Իրանի հետ խաղաղութեան գործարքն աւարտին հասցուած է։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ գործարքն աւարտին հասցուած է։ Բոլորը կը շնորհաւորեմ։ Այս պահէն ես ամբողջութեամբ կը թոյլատրեմ Հորմուզի նեղուցի մաքսազերծ բացումը եւ միաժամանակ կը թոյլատրեմ անյապաղ հանել ԱՄՆ-ի ռազմածովային շրջափակումը։ Աշխարհի նաւեր, միացուցէք ձեր շարժիչները։ Թող նաւթը հոսի»,- գրած է Թրամփը։