Պարզ է, որ անտեղիտալի է Իսրայէլը` ներխուժումով անվտանգային գօտի ստեղծելու իր ռազմական առաջադրանքին մէջ: Այդ առաջադրանքի կատարողականութեան երկարատեւութիւնը սակայն կ՛ենթադրէ իսրայէլեան դժգոհութիւններու ալիքի բարձրացում: Այդ դժգոհութիւնները, որոնք Կազայի պատերազմին առիթով բարձրացած էին, այսօր չկան: Վաղը կրնան վերսկսիլ, եթէ Իսրայէլի տարբեր շրջաններ շարունակուին հարուածուիլ: Աշխարհագրութեան ընդլայնումը միակողմանի չէ փաստօրէն:
Իւրաքանչիւր կողմի պարագային ներհասարակական դժգոհութիւններ ստեղծելը պատերազմի կանոն է եւ առաջադրանք: Զղարթայի գործողութիւնը նաեւ ա՛յդ նպատակը կրնայ հետապնդած ըլլալ: Զոհերը հիմնականին մէջ գաղթականներ են: Այս օրինակը գաղթականները վտանգ եւ թիրախ նկատելու կարծրատիպը կ՛ամրացնէ եւ մարդասիրական հանդուրժողականութիւնը կը վերածէ մարդկային պաշտպանութեան մերժումի: Այս պարագային` միջհամայնքային լարուածութեան: Այս տրամաբանութեամբ ալ Զղարթան պարզապէս ստորակէտ է եւ կրնայ շարունակութիւն ենթարկել:
Այթօ գիւղին վրայ Իսրայէլի օդային յարձակումը հարցականներու տարափ յառաջացուցած է: Ռազմական գործողութիւններու աշխարհագրութեան մէջ նոր տարածք է Զղարթայի շրջանը: Հարաւէն, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն, Պէյրութէն, Հերմելէն, Պաալպեքէն, Պեքաայէն, Քեսըրուանէն ետք Զղարթան տակաւին պատասխան չունի թիրախավայրի առումով: Մանաւանդ, որ այնտեղ Հըզպալլայի որեւէ դէմք չէ եղած, եւ Թել Աւիւի պնդումները, թէ սպաննուած է Հըզպալլայի ղեկավարներէն մէկը, կը շարունակեն մնալ խիստ տարակուսելի: Զղարթայով, հարաւէն-հիւսիս ամբողջ Լիբանանը կը վերածուի իսրայէլեան յարձակումներու թիրախագօտիի եւ կ՛իմաստազրկուի այն «ապահովագրումը», որ պատերազմը Հըզպալլայի դէմ ուղղուած է, եւ քաղաքացիները կամ Հըզպալլայի հետ կապ չունեցող կեդրոններն ու ենթակառոյցները թիրախաւորուած չեն: Զղարթան իր շարունակութիւնը կրնայ ունենալ, թէկուզ այլ աշխարհագրութեամբ:
Այս սաստկացումը կրնայ մեկնաբանուիլ Իսրայէլի ստացած ծանր հարուածներով: Եթէ պատասխան է անիկա այդ բոլորին, ուրեմն Զղարթան պարզապէս ստորակէտ է ընդհանուր շարադրանքին մէջ: Արդարեւ, Թել Աւիւ կը խոստանայ խիստ հակադարձել:
Մինչեւ հիմա իրականացուած ռազմական գործողութիւններուն մէջ կարելի է նկատել աշխարհագրութեան առընթեր նաեւ թիրախային փոփոխութիւն: Հըզպալլայի ռազմակէտերէն զատ թիրախ են նաեւ պաղեստինեան կազմակերպութիւններու ղեկավարները:
Հարաւային արուարձաններու ուղղութեամբ յարձակումներու համեմատական մեղմացումը մտածել կու տար, որ մարտերը կը կեդրոնանան ցամաքայինին վրայ, մանաւանդ որ Իսրայէլ առաջադրած էր սահմանափակ, տեղայնական, ապա կեդրոնացած եւ որոշակի ներխուժման գործողութիւններ:
Ահաւասիկ քանի շաբաթէ ի վեր այդ առաջադրանքը չէ կատարուած, եւ Հըզպալլան կը շարունակէ դիմադրել: Իսրայէլ անվերջ կը թարմացնէ իր բանակի տուժածներու ցանկը: Այս առումով նկատելին այն է, որ ցամաքային մարտերը չեն վերապահուած միայն սահմանին: Հըզպալլան կը հարուածէ Հայֆան, Թել Աւիւը: Հըզպալլայի հրթիռները փաստօրէն ճեղքած են իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը եւ հարուածած «Պենիամինա» ռազմակայանը:
Իսրայէլեան հակադարձութեան սպառնալիքը միայն Լիբանանի ուղղութեամբ չէ անշուշտ: Տակաւին Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու Իսրայէլի վարչապետը կ՛արծարծեն Իրանի հրթիռակոծումներուն պատասխանելու չափն ու տարողութիւնը: Երէկ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին վերապահուած էր տեղեկութիւն հրապարակելու գործառոյթը առ այն, որ գոյացած է պայմանաւորուածութիւն Իրանի հիւլէական եւ վառելանիւթի կեդրոնները չհարուածելու: Ըստ նոյն աղբիւրին, թիրախ են զինուորական կեդրոններ:
Պարզ է, որ անտեղիտալի է Իսրայէլը` ներխուժումով անվտանգային գօտի ստեղծելու իր ռազմական առաջադրանքին մէջ: Այդ առաջադրանքի կատարողականութեան երկարատեւութիւնը սակայն կ՛ենթադրէ իսրայէլեան դժգոհութիւններու ալիքի բարձրացում: Այդ դժգոհութիւնները, որոնք Կազայի պատերազմին առիթով բարձրացած էին, այսօր չկան: Վաղը կրնան վերսկսիլ, եթէ Իսրայէլի տարբեր շրջաններ շարունակուին հարուածուիլ: Աշխարհագրութեան ընդլայնումը միակողմանի չէ փաստօրէն:
Իւրաքանչիւր կողմի պարագային ներհասարակական դժգոհութիւններ ստեղծելը պատերազմի կանոն է եւ առաջադրանք: Զղարթայի գործողութիւնը նաեւ ա՛յդ նպատակը կրնայ հետապնդած ըլլալ: Զոհերը հիմնականին մէջ գաղթականներ են: Այս օրինակը գաղթականները վտանգ եւ թիրախ նկատելու կարծրատիպը կ՛ամրացնէ եւ մարդասիրական հանդուրժողականութիւնը կը վերածէ մարդկային պաշտպանութեան մերժումի: Այս պարագային` միջհամայնքային լարուածութեան: Այս տրամաբանութեամբ ալ Զղարթան պարզապէս ստորակէտ է եւ կրնայ շարունակութիւն ենթարկել:
Գործողութիւնները հայելային են եւ հակադարձութեան կարգ ունին: Երկարատեւութիւնը իսրայէլեան դաշտին մէջ բողոքներու նոր դուռ կրնայ բանալ:
«Ա.»