Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աւագ որդին՝ Հաֆեզ Ասատը, թեկնածուական թեզը պաշտպանած է Մոսկուայի պետական համալսարանին մէջ: Պաշտպանութիւնը տեղի ունեցած է նոյեմբեր 29-ին եւ նուիրուած էր թիւերու վերլուծական եւ հանրահաշուական տեսութեան, գրած է kommersant.ru-ն։
Ռուսերէնով գրուած աշխատութիւնն ունի 98 էջ, ըսուած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեանն առընթեր բարձրագոյն ատեստավորման յանձնաժողովի կայքին մէջ։ Ատենախօսութեան վերջաւորութեան Պաշշար Ասատի որդին շնորհակալութիւն յայտնած է «իր հայրենիքի՝ Սուրիոյ համար զոհուած նահատակներուն» եւ սուրիական արաբական բանակի զինուորներուն։
Պաշտպանութեան ներկայ եղած են Հաֆեզ Ասատի մայրը, մեծհայրը եւ մեծմայրը։
Յանձնաժողովն առաջարկած է Ասատին շնորհել ֆիզիքամաթեմաթիքական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան:
2023 թուականին Հաֆեզ Ասատը գերազանցութեամբ աւարտած է Մոսկուայի պետական համալսարանի մաթեմաթիքայի եւ մեխանիկայի բաժնի մագիստրատուրան։