image

Ս. Յակոբին մօրուքը ճերմկեր է…

Ս. Յակոբին մօրուքը ճերմկեր է…

Բնիկ Քեսապցի մտաւորական Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝

Ս․ Յակոբի տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօն է։ Կը շնորհաւորեմ բոլոր անուանակիցներս եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրենց մօտիկ կամ հեռու ծանօթ Յակոբները շնորհաւորողներուն։ Արեւմտահայոց մէջ գոյատեւող սովորութիւն մըն է, մարդիկ տօնացոյցին կը նային իրենց ծանօթ Պօղոսն ու Պետրոսը, Յովհաննէսն ու Աւետիսը, Թադիկ-Փաթիկը՝ Թադէոսն ու Բարթողիմէոսը շնորհաւորելու համար։

Երեւի Ս․ Յակոբի տօնը ամենաժողովրդականն էր ու է։ Կը յիշեմ, Դեկտեմբերի այս օրերուն աշնանացանը արդէն աւարտած կ՛ըլլար, մեր հերկուած դարաւանդները սեւ երիզներու պէս կ՛երկննային ձորին մէջ ու լեռնալանջերուն վրայ։  Տանտիկինը սերմի պարկէն երկու ափ ցորեն հանած կ՛ըլլար Ս․ Յակոբի հերիսային համար։ Տունը ծեծած ըլլար թէ ոչ՝  հերիսայի ցորենը սերմի տոպրակէն պէտք հանուէր, ու կինը ծալապատիկ նստէր սանդիկին առջեւ ու ցորենը ծեծէր։ Ամէն դուռի  առջեւ քարէ սանդիկ մը կը գտնուէր։ Ամէն տուն, Յակոբ ունենար թէ ոչ, Ս․ Յակոբի հերիսան պիտի եփէր անպայման։

Շաբաթ  երեկոյեան, հաւերը հաւնոց մտնելէ ետք կը բռնէին յատկապէս Ս․ Յակոբին համար պահուած աքլորը, կու տային տղոց ձեռքը ու կը ղրկէին կնքահօր, որ ինք մորթէր։ Այդպէս էր օրէնքը։ Իմ կնքահայրս գիւղը չէր ապրեր, ուսուցիչ մարդ էր, Հալէպ, Դամասկոս, Պէյրութ․․․Ուրեմն աքլորը պէտք մորթուէր ամուրի մարդու մը ձեռամբ։  Մեր գիւղին մէջ քիչ չէին այդպիսիները․․․։ 

Ես ու մեր թաղի Զոհրապը մեր աքլորները կը տանէինք վերի թաղ, հոն մարդ մը կար, Տպպօկ Վարդան, յատկապէս իրեն, որովհետեւ հաւատացուցած էին մեզի, որ անոր ձեռքը շատ թեթեւ է․․․ Ու նուռի մը, քանի մը ընկոյզի վրայ գրաւի կու գայինք, թէ որուն աքլորը անգլուխ աւելի պիտի թփրտայ, ցատկռտէ զառիթափին դրայ․․․Մարդը կը մորթէր աքլորը, կը նետէր զառաթափին վրայ, դանակը կը սրբէր մոյկի ճիտին, հանդիսաւոր կերպով կը ծալէր շեղբը ու կը դնէր գրպանին մէջ։ Անգլուխ աքլորը կը ցատկռտէր, կը թփրտար․․․ Կը հաշուէինք , եթէ երկար տեւեց՝ «մարդուն ձեռքը իրաւ որ թեթեւ է» կ՛ըսէինք։

Հերիսան կ՛եփէին գիշերը, տան կրակին վրայ, առտուն ցորենը «հալլըտած» կ՛ըլլար, ու կը ցատկէինք դուրս՝ տեսնելու Կասիոսի գագաթը։  Մեր բակէն Կասիոսը չէր երեւեր, ու կը վազէինք մինչեւ Սուլեան թաղի մօտերը՝ տեսնելու համար, թէ Ս․ Յակոբին մօրուքը ճերմկե՞ր է, թէ ոչ։ 

Այո, Ս, Յակոբին մօրուքը ճերմկեր էր, այսինքն՝ առաջին ձիւնը երեւցեր էր մեր լեռան վյայ։

-Արտերուն համար օրհնեալ տարի պիտի ըլլայ -, կ՛ըսէին մեծերը։