Այս կէտը եւս կը տեղաւորուի 1701-ի սահմաններուն մէջ: Հոքշթայն սակայն կ՛արծարծէ 1701-ի լիբանանեան պարտաւորութիւնները: Չի խօսիր Իսրայէլի առաջ քշած նախապայմանին մասին` Լիբանանի օդային տարածքը իր կողմէ ճշդուած պահերուն ազատօրէն օգտագործելու առումով:
Մանաւանդ երբ կը շեշտէ, որ լիբանանեան բանակը կարողութիւնը ունի պաշտպանելու ցամաքային սահմաններն ու նաւահանգիստը: Այսինքն, ցամաքն ու ծովը: Իսկ օ՞դը:
Լիբանանեան օդային տարածքներու լիբանանեան բանակին կողմէ պաշտպանելու գործառոյթի շրջանցումը կը համընկնի իսրայէլեան պահանջին հետ: Այսպիսով, իբրեւ բանակցային սկզբունք կ՛որդեգրուի 1701-ի ընտրովի կէտերու գործադրութիւնը:
Պաշտօնական Պէյրութը կառչած է 1701-ի ամբողջական բնագիրին եւ անոր գործադրութեան հրամայականին: Մինչ միջնորդը խօսելով հանդերձ անոր բարեփոխումը անհրաժեշտ չնկատելու մասին, ըստ էութեան հետամուտ է անոր ընտրովի կէտերու կիրարկումին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին Իսրայէլ այցելութեան եւ յատուկ պատուիրակին Լիբանան ժամանումի նախօրեակին Թել Աւիւ Ուաշինկթընին փոխանցեց իր նախապայմանները` հրադադարի համաձայնութեան:
1701-ի որոշումը խախտող հիմնական կէտերէն կը նկատուի Իսրայէլի պայմանը` Լիբանանի օդային տարածքը վերահսկելու: Այս պահանջը փորձենք դիտարկել Լիբանանի սահմաններու ընդհանուր վերահսկողութեան առաջադրանքին պարունակին մէջ:
Այսպէս. երկարատեւ ու ձգձգուած բանակցութիւններէ ետք, տեղի ունեցաւ Իսրայէլ -Լիբանան ծովային սահմանազատումը, ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներու օգտագործման օրակարգով: Պարզ է նաեւ, որ յատկապէս վերջին ռազմական գործողութիւններէն ետք, Իսրայէլ ծովային վերահսկողութիւն ունի դէպի Լիբանան մօտեցող նաւերուն ուղղութեամբ: Պատերազմին տարածաշրջանային տարողութիւն չստանալու նպատակով կամ պատրուակով ամերիկեան ռազմանաւեր կը հսկեն Միջերկրականի վրայ: Բնականաբար անոնց գործառոյթը հսկել է նաեւ դէպի Լիբանան ուղղուող ամէն տեսակի օժանդակութիւններուն:
Ցամաքային ուղղութիւնը կը շարունակէ մնալ թէժ եւ մարտերու կիզակէտ: Այստեղ առաջադրանքը ոչ միայն Հըզպալլայի ուժերու, այլ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի զօրքերու նահանջն է եւ իսրայէլեան բացարձակ վերահսկողութեան հաստատումը` արգելակիչ գօտիի ձեւաւորումով (պաֆըր զոն):
Այս երկուքը իրականացնելէ ետք, Իսրայէլ հիմա պաշտօնապէս կը պահանջէ նաեւ միջազգային թոյլտուութիւն Լիբանանի օդային տարածքը եւս վերահսկելու եւ այնտեղ իր ուզած պահուն ռազմական օդանաւերու ազատ շրջագայութիւն կատարելու: Ընդհանուր առաջադրանքը ուրեմն, Լիբանանը վերահսկողութեան տակ առնել է թէ՛ ծովէն, թէ՛ ցամաքէն եւ թէ՛ օդէն:
Ամերիկացի պատուիրակին յայտարարութիւնները քանի մը առանցքային կէտ կը ներառեն: Առաջինը այն, որ 1701-ի վերախմբագրումի հարց չկայ: Առաջին հայեացքով այս մօտեցումը կը հակասէ Թել Աւիւի կողմէ պահանջուած օդային վերահսկողութեան հաստատման: Սակայն այլ կէտով, Հոքշթայն կը խօսի այնպիսի համաձայնութեան մը մասին, որ տեւական պիտի ըլլայ եւ որեւէ ձեւով առիթ պիտի չտայ որոշ ժամանակ անց հակամարտութեան վերաբռնկումին: Այդ յարատեւումին համար Իսրայէլ արդէն փոխանցած է իր պայմանը Միացեալ Նահանգներուն:
Երկրորդը այն է, որ հակամարտող կողմերուն 1701-ին կառչած մնալը բաւարար չէ զինադուլին կամ խաղաղութեան հաստատման: Երրորդը կը կապուի ուղղակիօրէն երկրորդին, ուր կ՛ըսուի, թէ Լիբանանի ճակատագիրը այլ հակամարտութիւններու կապելը ի շահ լիբանանցի ժողովուրդին չէ:
Երկրորդ եւ երրորդ կէտերու արծարծումով ամերիկացի պատուիրակը, առանց Հըզպալլա եզրը օգտագործելու, խորքին մէջ սլաքը կ՛ուղղէ անոր: Կողմերը` իսրայէլեան եւ լիբանանեան կառավարութիւններն են, որոնց կառչածութիւնը 1701-ին բաւարար չէ: Կայ խանգարիչ կողմ, որ ըստ Հոքշթայնի, կը խանգարէ 1701-ի գործադրութիւնը: Եւ ասկէ կը բխի յայտարարութեան այն բաժինը, որ բանակցութիւնները 1701-ի գործադրութեան շուրջ պիտի ըլլան եւ ոչ թէ անոր վերաշարադրանքին: Այսինքն, այս տրամաբանութեամբ, խանգարիչ տարրին չէզոքացման:
Յայտարարութեան կէտերու տրամաբանութեան շարունակութիւնը կը նկատուի նաեւ այն, որ ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, լիբանանեան բանակը ի վիճակի է պաշտպանելու երկրին բոլոր սահմանները: Դարձեալ առանց Հըզպալլան մատնացոյց ընելու, ըսել կ՛ուզուի, որ Հըզպալլայի ուժերը պիտի փոխարինուին լիբանանեան բանակով, որ պիտի ստանձնէ սահմանը պաշտպանելու իր գործառոյթները:

«Ա.»