Այս հետեւութիւնը կը յիշեցնէ իսրայէլական ապահովական պաշտօնատարի մը վերջերս կատարած յայտարարութիւնը առ այն, որ Հըզպալլայի իբրեւ քաղաքական ու հասարակական շարժում քայքայումը իսրայէլեան պատերազմի նպատակներէն չէ: Իսրայէլեան կողմի «զիջում»-ի կէտեր պէտք է նկատել այն, որ Համասին կ՛արտօնուի իր վարչատարածքի կառավարման գործերով զբաղիլ, իսկ Հըզպալլային` քաղաքական-հասարակական գործունէութիւն ծաւալել: Երկու ուղղութեամբ ալ գործողութիւնները կը նպատակադրեն գլխատել, զինաթափել եւ հետագային զինուժի օժանդակութիւնները արգելակել: Մնացեալը արտօնելի կամ գուցէ քննարկելի է` կառավարման կամ հասարակական գործունէութիւն իրականացնելու իրաւունք…
Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը Պլինքըն-Հոքշթայն դերակատարներով կը դրսեւորուի Պէյրութ-Թել Աւիւ գիծին վրայ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Թել Աւիւէն կը յայտարարէ, որ կ՛աշխատին Լիբանանի մէջ տեւական զինադուլի հաստատման դիւանագիտական լուծումի յանգելու համար: Ասիկա յղում կատարել է ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Հոքշթայնի կատարած յայտարարութիւններուն` 1701, Լիբանանի բանակի դերակատարութիւն, Հըզպալլայի չէզոքացում, Լիբանանի նախագահի ընտրութիւն: Փաթեթային դրուածք մը, որ ածանցեալ բաժիններ ունի անշուշտ` 1701+ ընդհանուր բանաձեւին տակ:
Բնականաբար Պլինքընի առաքելութիւնը այս փուլին պիտի կեդրոնանար Կազայի հակամարտութեան վրայ: Լիբանանին վերաբերող բաժինը այս փուլին պարզապէս նշում է Հոքշթայնի ստանձնած դիւանագիտական առաքելութեան:
Կազայի զինադուլը աւելի առաջնային կը թուի ըլլալ: Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը քննարկած է 1,5 շաբաթէն զինադադարի համաձայնութեան կարելիութիւնը: Ժամկէտի նշումը այստեղ ուշագրաւ է եւ անմիջապէս կը յիշեցնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան օրը. երկու շաբաթ ետք: Պաշտօնական լրահոսը կը խօսէր այն մասին, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը քննարկած է կարեւորութիւնը ուրուագծելու նոր ուղի մը դէպի յետհակամարտային ժամանակաշրջան մը, որ պաղեստինցիներուն կ՛արտօնէ վերականգնելու իրենց կեանքերը եւ Կազային կառավարում, անվտանգութիւն ու վերաշինութիւն կը տրամադրէ: Պլինքըն քաջալերած էր օգտուելու Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուարի սպանութենէն` զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան ուղղութեամբ աշխատելու, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցուցած է Կազա յաւելեալ մարդասիրական օգնութեան մուտքը արտօնելու: Այս շրջածիրին մէջ ան յայտարարած էր, որ մերժելի է Իսրայէլի կողմէ Կազայի վերագրաւումը:
Զինադուլի կնքման համար Միացեալ Նահանգներ յետհակամարտութեան շրջանի պատկերացում կը փոխանցեն:
Առաջինը այն, որ հրադադարի հաստատման առընթեր տեղի կ՛ունենայ գերիներու փոխանակում: Երկրորդ, Իսրայէլ պէտք չէ գրաւէ Կազան: Երրորդ, պաղեստինցիները կ՛ունենան ինքնակառավարման իրաւունք: Չորրորդ` Կազայի վերաշինութիւն եւ անվտանգութեան հաստատում: Ահա այստեղ կայ հանգուցային կէտ, որովհետեւ անվտանգութեան վերահաստատման համար յստակ պատկերացում չկայ: Անվտանգութեան վերահսկումը զինեալ ուժեր կ՛ենթադրեն, եւ պարզ չէ անոնց պատկանելիութիւնն ու բաղադրութիւնը: Կայ սակայն ամերիկեան առաջարկ` Եգիպտոս-Կազա սահմանին վրայ միջազգային ուժեր տեղակայելու: Այս սահմանի վերահսկողութիւնը Համասին ցամաքային ճամբով զինուժի տրամադրումի արգելակումն է փաստօրէն: Այս հանգոյցի ետին տեսանելի է առաջադրանքը, գլխատուած եւ զինաթափ Համաս, որ կը զրկուի հետագային ստանալիք զինական օժանդակութենէ եւ կը զբաղի կառավարման վարչական գործերով:
Այս հետեւութիւնը կը յիշեցնէ իսրայէլական ապահովական պաշտօնատարի մը վերջերս կատարած յայտարարութիւնը առ այն, որ Հըզպալլայի իբրեւ քաղաքական ու հասարակական շարժում քայքայումը իսրայէլեան պատերազմի նպատակներէն չէ: Իսրայէլեան կողմի «զիջում»-ի կէտեր պէտք է նկատել այն, որ Համասին կ՛արտօնուի իր վարչատարածքի կառավարման գործերով զբաղիլ, իսկ Հըզպալլային` քաղաքական-հասարակական գործունէութիւն ծաւալել: Երկու ուղղութեամբ ալ գործողութիւնները կը նպատակադրեն գլխատել, զինաթափել եւ հետագային զինուժի օժանդակութիւնները արգելակել: Մնացեալը արտօնելի կամ գուցէ քննարկելի է` կառավարման կամ հասարակական գործունէութիւն իրականացնելու իրաւունք…
Յայտնաբար անոնք են այն նպատակները, որոնց իրականացումով կը պայմանաւորէ Իսրայէլ երկու ուղղութեամբ կնքելի հրադադարը: Յայտարարուող ժամկէտը սակայն շատ նեղ է: Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը մինչեւ ընտրութեան նախօրեակ կ՛ուզէ գոյացնել հրադադարի շուրջ համաձայնութիւն: Մինչ Թել Աւիւ զինադուլի կայացման մօտալուտ ըլլալուն մասին յայտարարութիւն կը կատարէ` թէժացնելով յարձակումները եւ բարձրացնելով իր պահանջներուն առաստաղը:
«Ա.»