Հերիք՝ հեւքըն ահռելի,
սուրիահայ լուռ սրտերուն,
Հերիք՝ ողբը Տէր Զօրի,
աճիւն ու գանկ զոհերուն,
Հերիք՝ արիւնը հոսի,
հայու աչքերէն սիրուն։
Քեզ կը թուէ՞ր թէ օր մը,
մանչ մը ինը տարեկան,
Ելլէր, երեք բառերով,
Սուրիոյ գահը նզովէր
Ու հպարտ զօրքը երկրի,
մեծ առիւծի խօսքին հակ
Հիասթափուած, ահաւոր
խռովութեան մատնուէր։
Քեզ կը թուէ՞ր սոյն ռազմը,
ռումբէ լի բեկորներով,
Նոյն արիւնի պատկանող
բնակչութիւնը ճեղքեր,
Ու երկուքը դէմ դիմաց՝
անձրեւի արճիճներով,
Փառաւոր ազգը փշրող,
ոճրային արարք կերտէր։
Բայց երկիրներ դրացի՝
խուլցած ու կո՜յր խիղճերով,
Ճշմարտութիւնն պղծեցին,
իրենց շահը փնտռելով,
Անօգնական դարձուցին,
ժողովուրդ մը գաղթական,
Ծառայութեան ուղղեցին,
շտապ մարմնի օգնութեան։
Ու կը սպասեն անհամար
ըստուերները ոխ մահուան,
Հնձելու անմեղ կեանքեր,
հայոց փշրուած գարնան։
Դեռ ինչե՜ր կան, եւ ինչե՜ր,
ինչ նիւթեր կան պատմելիք,
Եւ ի՜նչ խոցեր, սուր վիշտեր,
կարեվէր, այրած սրտի...
Զինուած է հոգիս, ու միտքըս լարուած, այս անարգ ռազմին,
Որքա՞ն դեռ պիտի տարիներ շալկած՝ հառաչէ հոգիս։
Փամփուշտներ են պէտք, ո՛չ թէ իմ զէնքիս, կամ թշուառ կեանքիս,
Ապա՝ չոր հացիս եւ ումպ մը ջուրիս, ու դառն բաժակիս,
Որ ապրին իմ հետ, պահեն սո՜վ մանչիս, սուգ ընտանիքիս։
Գուցէ տան նոր շո՜ւնչ, ակնթարթ մը մէկ,
կամ հոգեր կրկին,
Գուցէ տան նոր բոց, մոմերուն մեր սէգ,
եւ կամ նոր աւիւն,
Գուցէ տան շողեր, արեան ծովու մէջ,
փլատակ երկրին...
ԿԱՅԼԱԿ
«Սէր ու կրակ» գիրքէն
(Նոյ. 28, 2012)