FRANCE 24-ի հետ հարցազրոյցին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ զարգացումներուն, հերթական անգամ վստահեցուցած, որ իր երկիրը որեւէ դեր չէ խաղցած Պաշշար Ասատի ռեժիմի տապալման գործին մէջ:
Հաքան Ֆիտանը աւելցուցած է, որ Անգարան չաջակցիր Սուրիոյ մէջ օտարերկրեայ զօրքերու ներկայութեան՝ ո՛չ ռուսական, ո՛չ ամերիկեան:
Միաժամանակ ան աջակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ նոր իշխանութեան հետ ԱՄՆ եւ եւրոպական պատուիրակութիւններու շփումներուն: Ֆիտանը տեղեկացուցած է, որ առաջիկային եւս կը պատրաստուի մեկնիլ Դամասկոս:
Թուրք դիւանագէտը նշած է՝ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան եկած «Հայաաթ Թահրիր ալ-Շամ» խմբաւորումը երկար տարիներ արդիւնաւէտօրէն գործակցած է Թուրքիոյ հետ՝ յատկապէս «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ։
Հաքան Ֆիտանի խօսքով՝ Թուրքիան նաեւ ջանքեր կը գործադրէ, որ սուրիացի փախստականները կարողանան ապահով վերադառնալ իրենց տուներ: