image

Ասատի տապալումէն ետք սկսած է արտասահմանի մէջ անոր ընտանիքի եւ հարազատներու ունեցուածքի «nրu». The Wall Street Journal

Ասատի տապալումէն ետք սկսած է արտասահմանի մէջ անոր ընտանիքի եւ հարազատներու ունեցուածքի «nրu». The Wall Street Journal

Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք սկսած է արտասահմանի մէջ անոր ընտանիքի եւ հարազատներու ունեցուածքի «որս»։ Այս մասին The Wall Street Journal-ին յայտնած է Սպիտակ տան նախկին պաշտօնեայ Էնտրիւ Թապլըրը, որ կը զբաղի Սուրիոյ նախկին նախագահի ընտանիքի եւ բարեկամներու արտասահմանեան ունեցուածքի բացայայտմամբ:

«Անոնք միշտ ունեցած են «փլան B» եւ լաւ պատրաստուած են երկրէն վտարման», -ըսած է Թապլըր:

Իրաւապաշտպան իրաւաբանները  կը ծրագրեն գտնել այդ աւանդները, որ «վերադարձնեն ատոնք Սուրիոյ ժողովուրդին»: Ըստ վերլուծաբաններու՝ Ասատներու ընտանիքը 1970-ականներէն ստեղծած է ներդրումներու եւ ձեռնարկատիրական աւանդներու համալիր ցանց արտասահմանի մէջ:

Արտասահմանեան աւանդներու շարքին, ըստ աղբիւրի, կան դրամատնային հաշիւներ Զուիցերիոյ մէջ, անշարժ գոյք Տուպայի, Մոսկուայի մէջ, ձեռնարկութիւն՝ Վիեննայի մէջ։ WSJ-ը պնդած է, որ արտասահմանեան աւանդներ յայտնաբերուած են Ասատի կնոջ՝ Ասմայի, մօր՝ Անիսա Մախլուֆի եւ հօրեղբօր՝ Ռիֆաթի ընտանիքներու մօտ:

Նշուած է, որ Ասատի մայրն ու անոր եղբայրը հաշիւներ ունին Զուիցերիոյ Credt Suisse դրամատան մէջ: Անիսա Մախլուֆի զարմիկը Մոսկուայի մէջ 22,3 միլիոն տոլար արժողութեամբ անշարժ գոյք ունի: Նախկին առաջին տիկին Ասմա Ասատի ընտանիքը եկամուտ ունի եւրոպական երկիրներու եւ Պարսից ծոցի մէջ գործող «անօրինական ցանցերէն»:

Ամենաշատ աւանդները, նշած է թերթը, յայտնաբերուած են Ասատի մօրեղբօր՝ Մուհամետ Մախլուֆի որդիներէն մէկու՝ Ռամիի մօտ՝ անշարժ գոյք Ռումինիոյ մէջ, 18 հաշիւ HSBC դրամատան մէջ, 43 միլիոն տոլար արժողութեամբ անշարժ գոյք եւ մասնաւոր օդանաւ Տուպայի մէջ: