Յակոբ Միքայէլեան
Ի՞նչ կորսնցուց Սուրիան:
Սուրիան կորսնցուց իր թագին վրայի գոհարը՝ Հալէպը: Հալէպ սովորական պատմական, վաճառաշահ, գեղեցիկ եւ հարուստ քաղաք մը չէր միայն. Հալէպ շատ աւելին էր, եթէ անշուշտ անոր արժէքն ու արժանիքը չափողներ եղան:
Առանց ընդարձակուելու եւ առանց կեղծ ու չափազանցեալ ինքնագովութեան, ըսեմ որ Հալէպի թագին գոհարն ալ Հայկական համայնքն էր:
Ես վաթսուն տարի եւ աւելի միութենական գործունէութիւն ունենալով, տեսած եմ, ապրած ու չափած Հալէպի հայկական կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը, յատկապէս մշակութային մարզին մէջ: Հայկական համայնքէն զատ, հալէպեան ոչ մէկ համայնք, նոյնիսկ պետական հաստատութիւնները քանակով ու որակով այնքան հրապարակային ձեռնարկներ չեն կազմակերպած որքան հայկական կազմակերպութիւնները: Անվարան կրնամ հպարտութեամբ յայտարարել, որ մենք մէկ ամսուայ մէջ այնքան ձեռնարկ յաջողցուցած ենք, որքան միւս բոլորը մէկ տարուան մէջ: Երբ արտօնութեան կը դիմէինք պատկան գրասենեակներ, պաշտօնեաները կը զարմանային՝ «Նորէ՞ն ձեռնարկ» կ՛ըսէին:
Երկրի մը, կամ քաղաքի մը արժէքը կը չափուի իր մշակութային կեանքով, եւ հայերը բեմերը լեցուցին երգչախումբերով, նուագախումբերով, թատերախումբերով, պարախումբերով, գրական-գեղարուեստական երեկոներով, երաժշտական-նկարչական դպրոցներով, դեռ անոնց կից սկաուտական, մարզական, շարժումներով, ընկերային, կանանց յատուկ ձեռնարկներով:
Հալէպեան ո՞ր համայնքը ունեցած է տասը եղեղեցի, տասը դպրոց, որոնց հինգը երկրորդական, մին միւսէն գեղեցիկ ակումբներ, թատերասրահներ, ամառնային պարտէզ-ճաշարաններ... Չերկարեմ, դեռ կարելի է թուել, սակայն այսքանն ալ բաւական է փաստելու համար, որ ի՛նչ էինք մենք, ինչեր տուինք այս քաղաքին ու հիմա ինչ դառն կացութեան մէջ ենք: Կ՛ափսոսանք որ ամբողջ պատերազմի տարիներուն այս քաղաքը չարժանացաւ ակնկալուած պետական հոգատարութեան, մնացինք միշտ կարիքաւոր, սակայն շարունակեցինք գործել յաղթահարելով շատ մը դժուարութիւններ:
Կը վերագտնե՞նք մեր կայտառութիւնը, ոտքի կը կանգնի՞նք, Աստուած գիտէ, միայն չ՛ընկրկինք, չյուսահատինք ու սպասենք նոր լուսաբացի մը: