Ինչպէս նախօրօք ալ գրած էի, Հալէպի հայկական վարժարանները այսօր՝ երկուշաբթի վերաբացին իրենց դռները։
Հայագաղութի հարիւրաւոր աշակերտներ վերադարձան դէպի դաս ու դպրոց, դասարան եւ դասաւանդութիւն։
Այս շատ կարեւոր քայլ է անշուշտ դէպի բնականոն հուն։
Հանդարտ, զգօն եւ լաւատես... այս երեք հիմքերով Հալէպի հայկական գաղութը պիտի շարունակէ իր դարաւոր երթը։
Լուսանկարները՝ «Գանձասար»էն։
Լուրը Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն