Հիմա օրակարգը Լիբանանն է, եւ Անգարան ամէն ելոյթ եւ առիթ պիտի օգտագործէ հարուածելու Իսրայէլը: Այս վարքագիծին նախաբանը ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, երբ նախագահը ազդարարեց, որ Կազայէն եւ Լիբանանէն ետք Իսրայէլի թիրախը Թուրքիան է: Այս երրորդ ուղղութիւնը թրքական մամուլը պարզաբանեց` ըսելով, որ ոչ թէ ուղղակի թրքական տարածքներ գրաւելու մասին է խօսքը, այլ` Թուրքիոյ տարածքներուն վրայ տեղակայուած քիւրտ զինեալներուն օժանդակելուն:
Միակողմանի ամբաստանութիւններով յատկանշուած Անգարայի հռետորաբանութիւնը սակայն գետնի վրայ երկակի չափանիշերով կը դրսեւորուի: Յայտարարութեամբ` Թուրքիան Իսրայէլին պիտի դիմակայէ բոլոր միջոցներով: Գործնականին մէջ Թուրքիան կ՛արտօնէ դէպի Իսրայէլ ուղղուող ուժանիւթի բոլոր աղբիւրներու եւ ապրանքատեսակներու հոսքն ու մատակարարումը:
Այս բոլորին մէջ ցուցական բացական Արաբական լիկան է: Մինչ Իրանը նախաձեռնութիւն կ՛առնէ, Թուրքիան կը զգուշացնէ, Ֆրանսան իր դիւանագիտութեան ղեկավարը կ՛ուղարկէ: Դիւանագիտական զանազան նախաձեռնութիւններու խճանկար մը կազմուելու վրայ է: Այդ խճանկարին գոյները տակաւին շատ մուգ են եւ կազմուելիք նկարին մասին յստակ պատկերացում չեն փոխանցեր: Յստակը այն է, որ դիւանագիտական այս նախաձեռնութիւնները հեռու են տակաւին հրադադար ապահովելու երաշխիքներէն:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարէն ետք Իրանի արտաքին գործոց նախարարն է, որ պատերազմական գործողութիւններու բովին մէջ կ՛այցելէ Լիբանան: Ֆրանսայի դիւանագիտութեան ղեկավարի ուղերձին մէջ երկու առանցքային կէտ ներառուած էր: Առաջինը թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւն, երկրորդը հրամայական` նախագահի ընտրութեան:
Թիւ 1701 որոշումին գործադրութիւնը նաեւ պաշտօնական Պէյրութի պահանջն է, որուն կիրարկումի փուլը տակաւին չ՛երեւիր: Արգելակողը հիմնականին մէջ Իսրայէլն է, որ մինչեւ 1701 որոշումի բանակցութիւններու մեկնարկը կայանալիք ենթադրեալ հրադադարը գրեթէ անկարելի կը դարձնէ` պահանջելով ներկայ պայմաններուն մէջ Հըզպալլայի ուժերու յետքաշումը Լիթանիի հիւսիսային հատուած, ապա ամբողջական զինաթափումը:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդին, ապա անիկա համալիբանանեան ընկալում ունենալով հանդերձ իբրեւ տեսութիւն, գործնականի շուրջ դժուարութիւններ կը ստեղծէ: Երեսփոխանական եռուզեռ սկսած է այս ուղղութեամբ խորհրդարանի նախագահին մօտ, որուն գործառոյթներն ու մանաւանդ դերը այս օրերուն բազմակի իմաստ կը ստանան: Մարտի դաշտ նետուած եւ գլխատուած Հըզպալլան, որուն զուգակցուած էր խորհրդարանի նախագահին ղեկավարած շարժումը, համատեղ կը ներկայացնէին շիի համայնքը: Հիմա գլխաւոր այս համայնքի քաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչի հանգամանքն ու խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը բազմապատկուած գործառոյթներով կը ներկայանան: Լիբանանեան քաղաքական եռուզեռները անպայման արդիւնաւորումներով չեն աւարտիր դժբախտաբար: Ա՛յս պայմաններուն մէջ սակայն հարցականը կը հնչէ, թէ արդեօք Լիբանանի քաղաքական-համայնքային տարբեր շրջանակները պիտի յաջողի՞ն կամք դրսեւորել նախագահի թեկնածուի շուրջ միաւորուելու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարին ուղերձի երկու ուղղութիւններէն առաջինը կը վերաբերի դիւանագիտական արշաւի մը, որուն նպատակը Լիբանանին զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն ապահովելն է: Երկրորդը այս առաջադրանքին համար իսլամական վեհաժողովի գումարման նախաձեռնութիւնն է: Մէկը միւսին ամբողջացնող ուղղութիւններու երկու բաղադրիչ, որոնք հրատապ նշանակութիւն ունին:
Ուղարկուելիք աջակցութիւններու պարագային տակաւին յստակ չէ ընդունող հասցէն: Վարչապետը, յատկապէս գործուած աւերին եւ գաղթականական զանգուածային ալիքին ընդգծումներով նուիրատու երկիրներու դիմած է` մեծագումար աջակցութիւններ ապահովելու համար: Հիմա իրանեան նախաձեռնութիւն մը նոյն նպատակով ճամբայ պիտի ելլէ նախ քաղաքական, ապա նիւթական կամ կենցաղային խնդիրներ լուծող օժանդակութիւններու հաւաքման համար: Լայնածաւալ օժանդակութիւններու անհրաժեշտութիւնը կը յիշեցնէ Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին առիթով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, որուն յաղթահարման համար հոսեցաւ օժանդակութիւն: Այդ օժանդակութիւնները սակայն շրջանցեցին կառավարութիւնը եւ հիմնականին մէջ գործի լծեցին ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, երբեմն ուղղակի, երբեմն ալ տարբեր դեսպանութիւններու ճամբով անոնց տրամադրելով թէ՛ կենցաղային եւ թէ՛ ուղղակի ֆինանսական միջոցներ:
Ուղարկելի հասցէն քաղաքական նշանակութիւն ունի: Եթէ այս պարագային կառավարութիւնը պիտի նկատուի ընդունող հասցէն, ատիկա կ՛ենթադրէ, որ միջազգային ընտանիքին մօտ որոշ փոփոխութիւն արձանագրուած է: Պէտք է սպասել անշուշտ իրանեան նախաձեռնութեան քաղաքական զօրակցութեան ապահովման, ինչ որ իր հերթին տեղի կու տայ Իրանի առաջարկով զօրակցող երկիրներու գործնական մասնակցութեան:
Իսլամական վեհաժողովի պարագան հայկական ոսպնեակին համար դառն յուշումներ կ՛արձանագրէ: Այդ վեհաժողովները, ուր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը աշխուժօրէն ներկայ են, կ՛առաջադրէին ամէնէն հակահայ բանաձեւերը:

«Ա.»