image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Յենակէտ յենակէտի դիմաց` ՄԱԿ-ի 51-րդ յօդուածի սահմաններուն մէջ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Յենակէտ յենակէտի դիմաց` ՄԱԿ-ի 51-րդ յօդուածի սահմաններուն մէջ

Ռազմական գործողութիւններու աւարտին կամ պատերազմ չցանկալու մասին կատարուած պաշտօնական այս յայտարարութիւններով կը հասկցուի այն, որ Իրան պատասխանելու իր խոստումի գործադրութիւնը կատարած է: Միաժամանակ յարգած ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը:

Այս բոլորը չեն նշանակեր, որ Թել Աւիւ պիտի չհակադարձէ: Մանաւանդ երբեք չեն նշանակեր, որ պատերազմական գործողութիւնները պիտի դադրին Կազայի, Լիբանանի եւ Եմէնի մէջ:

 

 

 

Իրանեան հրթիռային յարձակումը Իսրայէլի տարածքին մէջ գտնուող ռազմական յենակէտերուն վրայ մագլցումի նոր աստիճանաչափ արձանագրեց: Առաջին անգամը չէ, որ արտատարածքայինէն տարածքայինի, այլ խօսքով` փրոքսիէն ուղիղի անցում կը կատարուի: Ապրիլին իսրայէլական անօդաչուներու խմբաքանակի ուղարկումը իրանեան տարածքներ եւ անոնց համարժէք պատասխանը փոխեցին ռազմախաղի կանոնները: Այս անգամուանը սակայն ի տարբերութիւն ապրիլեան բախումներուն, աւելի տարողունակ է եւ հեռահար հրթիռներու տեսքով է, փոխան անօդաչուներու:

Իրանի յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ այս գործողութիւնը վրիժառութիւնն է Համասի  եւ Հըզպալլայի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ սպաննուած իրանցի անվտանգային հարցերու պատասխանատուի սպանութիւններուն:

Ուշագրաւը այն է, որ առաջին անգամ Իրանի մտադրութեան մասին ամերիկեան աղբիւրներ հրապարակեցին տեղեկութիւն: Սպիտակ տան պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեկութիւն ունին, որ Իրան Իսրայէլի ուղղութեամբ թեւաւոր հրթիռներու անմիջական յարձակումին կը պատրաստուի: Անոր հետեւեցաւ Թել Աւիւէն հնչած ահազանգը:

Նման բացայայտում կատարելու առաջին կեդրոնի հանգամանքը կարեւոր է, հետագայ իրադարձութիւններուն մասին վերլուծում կատարելու համար: Հրթիռակոծումներէն ետք, ըստ լրատուութիւններու, Թեհրանը ընդհանուր իրավիճակի մասին իր մօտեցումները հաղորդ դարձուցած էր Մոսկուային եւ Ուաշինկթընին:  Կանխաւ եւ հետագային իրազեկումներու այս երեւոյթը միակողմանի չէ անշուշտ: Իսրայէլը` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական գործընկերը, իր գործողութիւնները կը համաձայնեցնէ անոր հետ: Իսկ Ուաշինկթընը հրապարակաւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ եւ մասնակից կը դառնայ Իրանի կողմէ կատարուած օդային յարձակումները չէզոքացնելու գործին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին համաձայն, Իրանի յարձակումը խափանուած է, ինչ որ կը վկայէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միացեալ արդիւնաւէտ աշխատանքին մասին, որուն նպատակն է կանխատեսել եւ պաշտպանուիլ այն  յարձակումէն, որուն կ՛ակնարկէին Միացեալ Նահանգները:

Ուշագրաւ է Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլի դէմ Իրանի ռազմական գործողութիւնները աւարտած են: Պարզաբանած, որ Իրանը ինքնապաշտպանութիւն իրականացուցած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին համաձայն` հարուածներ հասցնելով բացառապէս ռազմական եւ անվտանգութեան յենակէտերուն:Այս յայտարարութիւնը ուղերձներ ունի անշուշտ: Գործողութեան այսպիսով կը տրուի սահմանափակ եւ թիրախային բնոյթ: Բախումները աւարտելու պատգամ կ՛ենթադրէ եւ միաժամանակ հակառակորդին կը յուշէ, որ ռազմախաղը պէտք է պահել ՄԱԿ-ի 51-րդ յօդուածի սահմաններուն մէջ: «Յենակէտ յենակէտի դիմաց» բանաձեւի մասին է խօսքը, ինչ որ իր հերթին կ՛ենթադրէ կարմիր գիծերը պահպանել եւ չերթալ դէպի աւելի լայնածաւալ պատերազմ:

Որոշ թելերով եւ համահնչեղութեամբ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը կը կապուի իր նախագահին գրաւոր հրապարակումի բովանդակութեան հետ: Իրանի նախագահը կը գրէր, որ իրականացուած յարձակումը Իրանի  ուժին մէկ մասն է միայն: Իրանը պատերազմ չի ցանկար, այլ  վճռականօրէն կը դիմադրէ որեւէ  սպառնալիքի:

Ռազմական գործողութիւններու աւարտին կամ պատերազմ չցանկալու մասին կատարուած պաշտօնական այս յայտարարութիւններով կը հասկցուի այն, որ Իրան պատասխանելու իր խոստումի գործադրութիւնը կատարած է: Միաժամանակ յարգած ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը:

Այս բոլորը չեն նշանակեր, որ Թել Աւիւ պիտի չհակադարձէ: Մանաւանդ երբեք չեն նշանակեր, որ պատերազմական գործողութիւնները պիտի դադրին Կազայի, Լիբանանի եւ Եմէնի մէջ:

Վերադառնանք «յենակէտ յենակէտի դիմաց» միջնորդաւորուած գործողութիւններու տեսութեան եւ նկատենք, որ Իսրայէլ  հակադարձութեան գործողութիւններու իր որոշումը կը քննարկէ Միացեալ Նահանգներու հետ: Փաստօրէն «ռազմական բանակցութիւններ» տեղի կ՛ունենան Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ: Այս վարկածը մտածել կու տայ, որ տակաւին կարմիր գիծերը չհատելու ընդհանուր վերահսկողութեան համակարգը կը գործէ, թէ՛ արտատարածքային եւ թէ՛ տարածքային ռազմագործողութիւններուն համար:

 

«Ա.»