ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան գալիք 2017 տարին «Արցախի տարի» յայտարարած է: Այս մասին կը փոխանցէ «Հայ Ձայն» կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմի ընթացքին սփիւռքի նախարարութիւնը աշխատած է Սփիւռքի աւելի քան 100 համայնքներու հետ եւ նախարարին փոխանցմամբ, չէ գտնուած համայնք մը, որ իր բարոյական եւ նիւթական օգնութիւնը ցուցաբերած չըլլայ Արցախին:
«2016 թուականին սկիզբ դրուեց «Ի՞նչ ես անում դու Ղարաբաղի համար» հսկայածաւալ շարժմանը, որին ﬕացան եւրոպական 25 երկրների դպրոցներ, համայնքային կառոյցներ: Այն ﬔծ արձագանգ գտաւ Սփիւռքում: Հէնց այս պատճառով էլ խորհրդակցելով Սփիւռքի ﬕ շարք կառոյցների հետ՝ որոշեցինք գալիք տարին նուիրել Արցախին: Ազգովի պէտք է հասկանանք, որ Արցախի հզօրութիւնը, խնդրի կարգաւորումը Արցախի տնտեսութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, պաշտպանութեան հզօրացուﬓ է»,- յայտարարած է տիկին նախարարը: