Լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար Զօր. Նարեկ Աբրահամեան արցախեան վերջին դէպքերու վերաբերեալ զեկոյցով մը հանդէս պիտի գայ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Զօրավարին մօտիկ կանգնող աղբիւրէ: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ «Հայկական վերածնունդ» շարժումին կողմէ կազակերպուած հանդիպան երեկոյի մը ընթացքին, որ պիտի կայացուի Պէյրութի մէջ, վաղը ՝ 8 յուլիսին: Զօրավարը պիտի խօսի Արցախի քառօրեայ պատերազմին մասին, ինչպէս նաեւ իր տեսակէտները պիտի փոխանցէ Արցախի ընդհանուր անվտանգութեան օրակարգին վերաբերեալ: Զօր. Նարեկ Աբրահամեան ազգային հերոս Զօր. Արկադի Տէր Թադեւոսեանի կոչին անսալով՝ լիբանանահայ այլ զօրավարներու հետ վերջերս այցելած էր Հայաստան ու Արցախ: Տեղին կը համարենք յիշեցնել, որ Զօր. Նարեկ Աբրահամեան անկուսակցական է, եւ «Հայկական վերածնունդ» շարժումին կողմէ կազմակերպուած երեկոյթին իր մասնակցութիւնը կը բխի միայն ազգային մտահոգութիւններէ: